ՊԷՅՐՈՒԹ.- Շաբաթ, 22 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Պէյրութի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական համերգ ներկայացուց՝ հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Ելոյթին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի «Այգ» երգչախումբը: Իւրայատուկ համերգը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալըէմէզեան, զբօսաշրջութեան նախարարն ու իր կինը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Պէյրութ Չենթց» փառատօնի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրա: Ան նշեց, որ երաժշտական փառատօնի ամսուան աւարտին երաժշտութիւնը փոխադրեց մեզի այն սիրոյ աշխարհը, որուն համար կը տենչայ իւրաքանչիւր ունկնդիր: Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի ելոյթը այս տարեկան փառատօնին յայտագիրին մաս կը կազմէ եւ ան կը փոխանցէ հայկական երաժշտութեան մշակոյթը մանուկներու հրեշտականման ձայներուն միջոցով: Ան գնահատեց խմբավար Զաքար Քէշիշեանի ճիգն ու բծախնդիր աշխատանքը‘՝Համազգայինի «ԿարկաչՄ երգչախումբի բարգաւաճման ի նպաստ:
Զաքար Քէշիշեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց «Պէյրութ Չենթց» փառատօնի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրային՝ գործակցութեան համար:
Հուսկ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական երգչախումբի անդամները անմեղ ձայներով երգեցին «Թզուկներ ենք մենք», «Գճուճն ու ճուտ»ը, «Նոր տարին մեզի հիւր եկաւ» եւ «Կաղանդ պապան եւ նուէրները» երգերը եւ արժանացան ջերմ գնահատանքի:
Ապա բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը եւ կատարեց «Թալժ – թալժ» եւ բազմալեզու «Լուռ գիշեր» երգերը, «Բեթղեհէմ փոքրիկ քաղաք» երգին տարբեր յօրինողներու՝ Լիուիս Ռենտըրի, Արմենուհի Կարապետեանի եւ Ստեփան Շաքարեանի մշակումները: Այս երգերուն դաշնակի կողքին երգչախումբին ընկերացաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի սրինգի ուսուցիչներէն Կարօ Սւագճեան:
Այնուհետեւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբին միացաւ Համազգայինի «Այգ» երգչախումբը: Անոնք երգեհոնի ընկերակցութեամբ մեկնաբանեցին Մակար Եկմալեանի յօինումով եւ դաշնաւորումով Ս. պատարագի «Հայր մեր», «Սուրբ Աստուած», «Մարմին Տէրունական», «Քրիստոս ի մէջ», «Սուրբ, սուրբ» եւ «Քրիստոս պատարագեալ» շարականները:
Համերգի աւարտին ներկաները ջերմ ծափողջոյններով իրենց գնահատանքը արտայայտեցին: