ԱԹԷՆՔ.- Շաբաթ, 15 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ տարիներու աւանդութիւն դարձած Հահ Կապոյտ Խաչի Յունաստանի Ֆիքս քաղաքի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած պազարը։
Սրահը զարդարուած էր տօնական զարդերով ու սեղանները լեցուած էին ճաշերով, անուշեղէնով եւ խմորեղէնով՝ տրամադրուած ՀԿ Խաչի ընկերուհիներուն կողմէ: Այցելուները՝ իրենց գնումները ընելով եւ իրենց մաղթանքները փոխանցելով՝ ուրախ եւ տօնական մթնոլորտ մը կը ստեղծէին:
Վարչութիւնը սեղան տրամադրած էր ՀՄԸՄի սկաուտներուն ու ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան, որոնք իրենց պատրաստած իրերը կը ծախէին՝ հասոյթ ապահովելով իրենց միութիւններուն:
«Ազատ Օր»ի թղթակից