ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի ոստիկանապետ Քարլ Փովիլայթիսի, որուն կ՛ընկերանար իր օգնականներէն՝ հանրային տեղեկատուութեան բաժանմունքի վարիչ Տեն Սաթըլզ։
Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան։
Տօնական օրերու փոխադարձ բարեմաղթութիւններէ ետք, առաջնորդ սրբազանը՝ յանուն Ազգային առաջնորդարանին, անգամ մը եւս բարի երթ մաղթեց ոստիկանապետին՝ իր առաքելութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ առաջնորդ սրբազանը ներկայ եղած էր ոստիկանապետին պաշտօնի ստանձնման արարողութեան եւ կատարած՝ բացման աղօթքը։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու յատկապէս Կլենտէյլի հայ համայնքը յուզող հարցերու եւ ծրագիրներու մասին։
Այնուհետեւ զրոյցը շարունակուեցաւ ճաշի սեղանին շուրջ։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փախանակում։