ՀՅԴ Պըրպենքի «Աղբալեան» Կոմիտէն կազմակերպած էր տօնական երեկոյ մը, Դեկտեմբերի առաջին օրը, իր «Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան» բազմանպատակ պասքեթպոլի փակ մարզադաշտին վրայ, ուր համախմբուած էին աւելի քան 350 հայորդիներ, վայելելու շրջանի եզակի երգիչներէն, ազգային-յեղափոխական երգերու լաւագոյն մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի կատարումները: Հոն էին շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, քոյր կազմակերպութիւններու եւ կոմիտէութեանց ներկայացուցիչներ, պաշտօնական հիւրեր եւ համակիրներ: Ակնյայտ եւ յուսադրիչ էր յատկապէս մեծ թիւով երիտասարդներու ներկայութիւնը:
Երեկոն արտասովոր էր Պըրպենքի հայութեան համար: Առաջին անգամն ըլլալով, Գառնիկ Սարգիսեան ելոյթ կ՛ունենար Պըրպենքի հայ կեդրոնէն ներս, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ ներկաներուն մէջ: Կասկած չկայ, որ իւրաքանչիւր մասնակից վայելելով Գառնիկ Սարգիսեանի հրապուրիչ ձայնն ու երգերը, ոչ միայն յաղթական մեր անցեալը վերապրեցաւ, այլ նաեւ իր էութիւնը ազգասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ տոգորեց:
Երեկոյի հասոյթը պիտի յատկացուի Պէշիր Մարտիրոսեան կեդրոնի ծախսերուն, ինչպէս նաեւ բաժին մը՝ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու զարգացման նուիրուած «Նոր Կիլիկիա» ծրագիրին:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը կատարեց «Աղբալեան» կոմիտէի անդամնրէն Ստեփան Պոյաճեան, որ բացատրելով կեդրոն մը ունենալու եւ հոն յաճախելու կարեւորութիւնը, անդրադարձաւ Պըրպենքի կեդրոնէն ներս իրականացուող աշխատանքներուն: Այստեղ կը գործեն ՀԵԴ եւ ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու մասնաճիւղերը, Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայ Օգնութեան Միութեան «Արազ» եւ ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղերը, ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարանը: Ահա կեդրոն մը, ուր յատկապէս հայ երիտասարդութիւնը համախմբուելով, կը պահպանէ իր ինքնութիւնն ու դիմագիծը:
Կոմիտէի անունով ելոյթ ունեցաւ ներկայացուցիչ Վիգէն Պապիկեան, ներկայացուց կեդրոնէն ներս տարուող ՀԵԴ «Վարագ» Ուխտի, ՀՅԴ «Կայծակ» պատանեկան միութեան, ՀՄԸՄի սկաուտական եւ մարզական խումբերուն, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտութեան տարած աշխոյժ գործունէութիւնը, իրագործուող բազմազան ծրագիրները, որոնք իսկական դարբնոցի մը վերածած են զայն: Ապա, ընկերը հպարտութեամբ յայտարարեց, թէ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէութեան երկար տարիներու անդամներ Մարօ Քէշիշեան եւ Սարօ Ղազարեան, 28 Հոկտեմբեր 2018ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կողմէ արժանացան շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն Ծառայութեան շքանշանին: Երկու ընկերներու նուիրեալ գործունէութիւնը արժեւորելով, յատուկ գնահատագիրներ ղրկած էին անոնց նաեւ ծերակուտական Ատըմ Շիֆ, Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհուրդի անդամներ Անթընի Փորթանթինոն եւ Լորա Ֆրիտմընը, Վերահսկիչ Քաթրին Պարկըր, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանն ու Պըրպենքի քաղաքապետ Էմըլի Կէյպըլ-Լատի:
Գնահատագիրները յանձնուեցան Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Քէշիշեանի կողմէ, որ նաեւ շնորհաւորեց մեծարեալները, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց զօրակցութեան համար եւ խնդրեց անոնց զօրակցութիւնը Հայ Դատի աշխատանքներու յաջողութեանց համար:
Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ այնքան սպասուած Գառնիկ Սարգիսեան, որ ամբողջ գիշերը, մինչեւ վաղ առաւօտեան ժամերուն, ներկաներուն հրամցուց ազգային-յեղափոխական երգեր, մեծապէս խանդավառելով զանոնք: Հանդիսականները ձեռնարկի մինչեւ վերջին վայրկեանը մնացին իրենց տեղերը եւ երկարաշունչ ծափողջոյններով գնահատեցին իւրաքանչիւր երգ, երբեմն նաեւ ընկերակցելով երգիչին:
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ սիրուած երգիչ Դրօ Գրիգորեան, որ իր կարգին քանի մը երգեր առանձին հրամցնելէ ետք, Գառնիկին հետ զուգերգեց «Թռչէի մտքով տուն» եւ «եղբայրս ու ես» երգերը:
Պէտք է ընդգծել, թէ երեկոն ընկերային գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մը ըլլալէ անկախ, բացառիկ դաստիարակչական բնոյթի ձեռնարկի մը վերածուեցաւ: Գառնիկի մեկնաբանած իւրաքանչիւր երգ կը յուշէր պատմական դրուագ մը, յաղթանակ մը, հայ ու դաշնակցական ֆետայիի մը սխրագործութիւններն ու կեանքի բնոյթը: Երեւոյթ մը, որ միայն Գառնիկ Սարգիսեանը կրնար ստեղծել:
Ստեղծուած ուրախ մթնոլորտէն խանդավառուած ներկաներէն շատեր, ի նպաստ Պըրպենքի Հայ Կեդրոնին կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնք մերթ ընդ մերթ գեղեցիկ դր-ուագներով համեմուած յայտարարուեցան օրուան հանդիսավար Ստեփան Պօյաճեանի կողմէ, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով սրահէն ներս:
Երեկոն վերջ գտաւ վաղ առաւօտեան: Ներկաները դժուարութեամբ մեկնեցան տուն, իրենց հետ տանելով ազգային ու յեղափոխական երգերու գեղեցիկ ու հպարտալի յուշեր, ինչպէս նաեւ Պըրպենքի Հայ կեդրոնի գոյատեւման համար ապահովելով կոկիկ գումար մը: Ահա եզակի ձեռնարկ մը, որ անկասկած պիտի կրկնուի ապագային: