ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը Ուրբաթ, 30 Նոյեմբերի երեկոյեան, Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեամբ մը տօնեց իր հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձը:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին: Ներկայ էին նաեւ դաշնակցային եւ Քալիֆորնիա նահանգի Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի անդամներ, Կլենտէյլի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեան եւ գաղութի կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ:
Երեկոն սկսաւ երգեցողութեամբը քայլերգներու, զորս կատարեց Իվանա Գրիգորեան:
Ողջոյնի խօսք արտասանեց հանդիսավար Սիմոն Մանուչէրեան:
Առաջնորդ սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը եւ ուղղեց շնորհաւորանքի ու գնահատանքի խօսք: Ան վեր առաւ վարչութեան, կամաւորներուն եւ միութեան զօրակիցներուն օգտակար դերակատարութիւնը, նշելով, որ անոնք կը գործեն հաւատքով, փոխադարձ սիրով եւ ամբողջական նուիրումով, իրականացնելու համար հարիւրամեայ ՀՄԸՄի առաքելութիւնը:
Առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց նաեւ այս ձեռնարկին առիթով պատիւի արժանացած Արմոնտ Գորգորեանին, որ արժանացաւ «Ցկեանս Պատուոյ Անդամ»ի պատիւին: Վերջապէս, ան գնահատեց բոլոր բարերարները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ֆորեսթ Լոն» հաստատութեան՝ հայ համայնքին՝ անոր ցուցաբերած բարեկամութեան ու տարիներու զօրակցութեան համար:
Խօսք առին մասնաճիւղի ատենապետը՝ Սերժ Գրակասեան, «Ֆորեսթ Լոն» հաստատութեան նախագահ Տերին Տրեպինկ եւ պետական պաշտօնատարներ, որոնք այս առիթով գնահատագիրներ յանձնեցին մասնաճիւղի պատասխանատուներուն:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ մասնաճիւղի 40ամեայ գործունէութիւնը ամփոփող տեսանիւթ մը:
Երախտագիտութեան արտայայտութիւն կատարուեցաւ բարերարներուն, ապա տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:
Կլենտէյլի Հայ կեդրոնին մէջ, 15 Դեկտեմբեր, 1978ին տեղի ունեցած հանդիպումով ճամբայ ելած «Արարատ» մասնաճիւղը իր նախնական շրջանին իր գործունէութիւնը կը տանէր քաղաքին Ս. Աստուածածին եկեղեւոյ սրահին մէջ եւ 1984ին հիմը դրաւ իր առաջին կեդրոնին: Իր սկուատական, մարզական եւ արուեստի ու զանազան այլ ծրագիրներով, ներկայիս, մասնաճիւղը կը համարուի աշխարհատարած ՀՄԸՄի մեծագոյնը։