ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա իր հերթական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ 2019ին Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարին մասին:
«Մենք միշտ հանդէս եկած ենք հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման եւ այդ կարգաւորումը ապահովող միջոցներուն ի նպաստ: Յստակ ժամկէտներու մասին ես կը նախընտրեմ չխօսիլ: Պատմութիւնը երկարատեւ է եւ դժբախտաբար այս մէկը ձգձգուող հակամարտութիւն է: Ինչ կը վերաբերի ռուսական կողմին՝ իբրեւ (ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի) համանախագահ, թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի հետ ընդհանուր անցեալ ու պատմութիւն ունեցող երկիր, մեր կողմէ պիտի կատարուի անհրաժեշտ ամէն բան», յայտնեց Զախարովա:
Ան յստակ պատասխան մը չտուաւ այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիա 2019ի Յունուարին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը պիտի կազմակերպէ՞: