ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ հռչակուած՝ «2018ը. Աթէնք՝ գիրքի միջազգային մայրաքաղաք» միջոցառումներու ծիրին մէջ, Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային վարչութիւնը, համագործակցութեամբ Աթէնքի քաղաքապետութեան եւ «Փուշկին» հիմնարկին՝ գիրքերու եւ նկարներու եռօրեայ ցուցադրութիւն մը կազմակերպեց Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի 14, 15, 16 Դեկտեմբերին, Աթէնքի «Մելինա Մերքուրի» մշակութային պատմական կեդրոնի հանդիսասրահներուն մէջ, առիթ տալով հայ, յոյն եւ օտարազգի արուեստի ու մշակոյթի սիրահարներու, այլեւ հաղորդակցական միջոցներու՝ այցելելու եւ գնահատելու ներկայացուած ցուցահանդէսի վաւերական արժէքն ու փաստագրուած օրինակներու-նմուշներու իւրայատուկ գործերը:
Ցուցադրութեան ներկայացուած էր հայերէն, յունարէն եւ օտարալեզու գիրքերու ճոխ հաւաքածոյ, առիթը ընծայելով այցելուներուն ճանչնալու հայ գիրն ու գրականութիւնը ու ոգեշնչուելու հայ գիրի նմուշներու աշխարհէն:
Այցելութեան առիթով, հիւրերը ջերմ ու երկար զրոյցներ ունեցան Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամներուն եւ Յակոբ Ճէլալեանին հետ, որոնք յաւելեալ ու օգտակար տեղեկութիւններ փոխանցեցին շահագրգռուող մշակութասէրներուն՝ հայոց պատմութեան, հայկական արուեստի ու մշակոյթի, Հայ Դատի, Հայաստանի ներկայ իրավիճակին ու Արցախի ժամանակակից քաղաքական իրավիճակին շուրջ:
Ցուցադրութեան ներկայացուած էին նաեւ յունահայ մտաւորական Յակոբ Ճէլալեանի 60 փորագրանկարներու (կռավիւր) հաւաքածոյէն կտորներ։ Ներկայացուած փորագրանկարները կը բովանդակեն 400 տարուան պատմութիւն (16րդ-20րդ դար):
Ճէլալեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան այս ծրագիրը իրագործելուն, մանաւանդ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100ամեակին պատմական առիթով: