ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը հայոց պատմական մայրաքաղաք Անիի վերաբերեալ նիւթ հրապարակեց, նշուելով նաեւ, որ Անին 961-1045 տարիներուն եղած է հայոց Բագրատունեաց թագաւորներու մայրաքաղաքը:
Սակայն, հակառակ Անիի հայոց մայրաքաղաք ըլլալու հանգամանքը նշելուն, յօդուածին մէջ քաղաքը կը ներկայացուի իբրեւ համընդհանուր պատմամշակութային ժառանգութիւն: Յօդուածը մասնաւորապէս, ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Անիի զբօսաշրջութեան կարեւոր նշանակութիւն ունենալուն վրայ։