ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլան իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց՝ նիւթական աջակցութիւն ցոյց տալու Պոսլոյ հայկական վարժարաններուն։
Այս մասին գրառումի մը մէջ, Փայլած նաեւ պահանջեց յստակացնել հայերու եւ այլ փոքրամասնութեանց դպրոցներու կարգավիճակը, որովհետեւ, հակառակ Լօզանի դաշնագիրին, որով Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններուն կը տրուի համայնքային դպրոցներ ունենալու իրաւունք, անոնց պաշտօնական կարգավիճակը տակաւին յստակ չէ։ Ան շեշտեց, թէ պետութիւնը կանոնաւոր ձեւով աջակցութիւն չէ ցուցաբերած փոքրամասնութեանց վարժարաններուն։
Փայլան նշեց նաեւ, որ պէտք չէ խուսափիլ բազմալեզու կրթութեան կերպէն, որ կիրարկուած է տակաւին Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին։
Փայլան իր գրառումին մէջ ներկայացուցած է անձնական օրինակ մը. «Ես կեանքս սկսած եմ հայերէն սորվելով, բայց ինչպէս կը տեսնէք, թրքերէնով ալ կը խօսիմ, անգլերէնս ու սպաներէնս բաւական լաւ վիճակի մէջ են», գրած է Փայլան։