ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Այս տարեվերջին՝ տօնական օրերու սեմին, ՀԲԸՄի «Հայ Կին» միաւորը կազմակերպած է խրախճանք մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 15 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, ՀԲԸՄի Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ (2495 E. Mountain St., Pasadena, CA 91104)։
Խանդավառ երգ-երաժշտութեան ու պարերու կողքին, ներկաները պիտի վայելեն նաեւ այս նպատակով Նիւ Եորքէն ժամանող Քարէն Փափազեանի բանախօսութիւնը։
Մասնակցութեան սակը 50 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար, դիմել agbuhyegeen@gmail.com հասցէին։