ՊԱՔՈՒ, «Armenia.Az».- Ատրպէյճան եւ Հայաստան, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն օգնութեամբ, պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկեն՝ իրենց ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու ուղղութեամբ, 13 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ մեկնաբանելով համանախագահներուն վերջին յայտարարութիւնը։
«Անոնք յստակ քայլերու ամբողջ համալիր մըն են: Այդ քայլերը պէտք է մշակել: Կողմերը այժմ այս հարցով պէտք է զբաղին՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն օգնութեամբ», ըսաւ Զախարովա:
«Անշուշտ, երկխօսութիւն կայ եւ ակնյայտ է, որ տեղի ունեցած հանդիպումներէն ետք անիկա պիտի շարունակուի», աւելցուց ան՝ վստահեցնելով, որ Մոսկուա աշխուժօրէն պիտի նպաստէ դրական ջանքերուն, հասնելու համար գլխաւոր նպատակին: