ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ նախարարութեան պաշտօնական նոր կայքի շնորհահանդէսը, որուն բացումը կատարեց արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան:
Նախարարը յայտնեց, որ նոր կայքին վրայ տեղ գտած են ոլորտին վերաբերող նոր փաստաթուղթեր, հետաքրքրական նիւթեր, ինչպէս նաեւ կառոյցի առաջնահերթութիւններուն վերաբորող տեղեկութիւններ:
Հանդէսին ընթացքին ցոյց տրուեցաւ Արցախի մասին նոր պատրաստուած ռուսերէն եւ անգլերէն շարժապատկեր մը՝ «Արցախ. Պատմութիւն Եւ Հակամարտութիւն» խորագիրով: