Հռոմի ամէնէն տեսարժան վայրերէն մէկուն՝ «Պորկեզ» զբօսայգիին մէջ պիտի զետեղուի Յովհաննէս Թումանեանի արձանը: Այս մասին 3 Դեկտեմբերին լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարարի պաշտօնակատար Տիգրան Գալստեան:
«Թումանեանը հայ մշակոյթը ներկայացնող մեծանուն գրող է եւ շուտով նշուելու է նրա 150ամեակը», շեշտեց Գալստեան:
Ըստ անոր՝ «ՊորկԵզ» զբօսայգին աշխարհի ամենագեղեցիկ եւ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող վայրերէն է, ուրեմն, այնտեղ զետեղուելիք Թումանեանի արձանը չափազանց յաջող պէտք է ըլլայ:
Անդրադառնալով արձանի հեղինակի ընտրութեան՝ Գալստեան ըսաւ, որ մշակոյթի նախարարութիւնը տակաւին չի գիտեր, թէ որքան դրամ պիտի յատկացուի այս նպատակին համար, այնուհետեւ պիտի յայտարարուի մրցում: «Ցանկալի է, որ հեղինակը հայ լինի եւ ներկայացնի մեր մշակութային կարողականութիւնը: Վստահ եմ, որ մենք ունենք լաւ քանդակագործներ», եզրափակեց Գալստեան: