ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն, Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 35ամեակին նուիրուած համերգը՝ կատարողութեամբ քոլեճի ուսուցիչներուն:
«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան հայերէնով եւ անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ քոլեճի 35ամեակը նշել կը նշանակէ նշել յիշատակը եւ յիշել վաստակը անոր հիմնադիրներուն, Համազգայինի իրերայաջորդ շրջանային վարչութիւններուն ու խնամակալութիւններուն, նախկին տնօրէններուն եւ նախկին ուսուցիչներուն, որոնցմէ շատեր այսօր հեռացած են այս աշխարհէն, սակայն անոնց աշխատանքն ու վաստակին պտուղը ահա կենդանի կը մնան 35 տարիէ ի վեր: Էմմիեան յայտնեց, որ երաժշտական քոլեճը հիմնուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի՝ համատարած աւերի, քանդումի, սպանութեան, քաոսի, այլ խօսքով՝ անստոյգ ապագայի օրերուն եւ կը շարունակէ իր երթը տնտեսական պատերազմի ներկայ օրերուն:
«Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը կը շարունակէ գործել ի խնդիր նոր սերունդի հոգեմտաւոր աշխարհի հարստացման ու զարգացման: Այո՛, քաջ գիտենք, որ մեր բոլոր աշակերտները արհեստավարժ երաժիշտներ պիտի չըլլան, սակայն նաեւ գիտենք, որ այդ արհեստավարժ երաժիշտները կարիքը ունին արհեստավարժ երաժշտասէրներու, այսինքն՝ ունկնդիրներու, որոնք գիտեն լաւը վատէն, գեղեցիկը տգեղէն, արժէքաւորը անարժէքէն զանազանել, այլ խօսքով՝ օժտուած են ճշգրիտ կերպով կողմնորոշուելու եւ գնահատելու գիտելիքներով ու մշակուած ճաշակով: Ահա այս է մեր 35ամեայ հաւատամքը եւ առաքելութիւնը, ահա այս է մեզի փոխանցուած ջահը», եզրափակեց իր խօսքը Վահրամ Էմմիեան:
Այնուհետեւ, մօտ երկու ժամ տեւողութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի վաստակաւոր ուսուցիչները գեղեցիկ կատարողութեամբ գեղարուեստական վայելքի պահեր նուիրեցին հանդիսատեսներուն:
Յայտագիրը սկսաւ Խաչատուրեանի «Օրօր» եւ «Սուրերու պար» ստեղծագործութիւններով՝ կատարողութեամբ Սիրվարդ Պօյաճեան-Սապունճեանի՝ դաշնակ, Յովհաննէս Գարախանեանի՝ ջութակ եւ Նայիրի Ղազարեանի՝ թաւջութակ, ապա հնչեց Կոմիտասի «Կանչէ կռունկ»ը եւ Մարչելլոյի «Զիս բոցավառող կրակը»՝ մեկնաբանութեամբ Քլարա Ալիխանեան-Ադամեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Նարէ Աղասարգիսեանի: Մկրտիչ Միքայէլեան եւ Եսայի Սաքայեան կիթառի վրայ նուագեցին «Էլ վիթօ» եւ «Մալակենիա» ստեղծագործութիւնները, իսկ Զաքար Քէշիշեան շուիի եւ Սիրվարդ Պօյաճեան-Սապունճեան դաշնակի վրայ նուագելով ներկայացուցին Մանասեանի «Էրզրումի շորոր»ը եւ Կոմիտասի «Նուագաշար»ը: Այնուհետեւ յայտագիրը իր ընթացքը առնելով՝ հնչեցին Մենտելսոնի «Վերիէյշըն»ը՝ կատարողութեամբ Նայիրի Ղազարեանի՝ թաւջութակ եւ Նարէ Աղասարգիսեանի՝ դաշնակ, Կոմիտասի «Երգաշար»ը մեկնաբանեց Շողիկ Թորոսեան՝ ընկերակցութեամբ Յովհաննէս Գարախանեանի՝ ջութակ, Յասմիկ Գասպարեանի՝ դաշնակ: Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց նաեւ Կունոյի «Ռոմէօ եւ Ժիւլիեթ» օփերայէն «Կ՛ուզեմ ապրիլ»ը՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Հենրի Իշխանեանի, իսկ Յովհաննէս Գարախանեան (ջութակ) եւ Սիրվարդ Պօյաճեան-Սապունճեան (դաշնակ) ներկայացուցին Պաղտասարեանի «Ռափսոտի»ն:
Յայտագիրի վերջին բաժինով ներկայացուեցան «Ռոմանս տել տիապլօ»ն եւ «Մանտրիա»ն՝ կատարողութեամբ Միքայէլ Աշճեանի՝ դաշնակ, Յովհաննէս Գարախանեանի՝ ջութակ, Նայիրի Ղազարեանի՝ թաւջութակ, Կարօ Սվաքճեանի՝ սրինգ, Աշճեանի «Ֆոր տը պիութի աֆ եուր լաւ»ը՝ կատարողութեամբ Նայիրի Ղազարեանի՝ թաւջութակ եւ Միքայէլ Աշճեանի՝ դաշնակ եւ Խաչատուրեանի Դիմակահանդէս պալէյէն «Վալս»՝ կատարողութեամբ Սիրվարդ Պօյաճեան-Սապունճեանի՝ դաշնակ, Յովհաննէս Գարախանեանի՝ ջութակ եւ Նայիրի Ղազարեանի՝ թաւջութակ:
Ելոյթի աւարտին հանդիսատեսները բարձր գնահատեցին զիրար գերազանցող սքանչելի կատարումները եւ երկարատեւ ծափահարութիւններով յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնն ու գնահատանքը: