Ուրուկուէյական «Ռիվըր Փլէյթ» կազմին հետ իր արդիւնաւէտ խաղարկութիւնը կը շարունակէ ցուցադրել միջնապահ-յառաջապահ Մաթիաս Մարթին Ճոնես Մուրիգեան:
Ուրուկուէյի ընթացիկ ախոյեանութեան, հայկական արմատներով 27 տարեկան ֆութպոլիստը ցարդ նշանակած է 9 կոլ՝ 27 մրցումի ընթացքին:
Նախքան «Ռիվըր Փլէյթ» իր փոխանցումը, Մուրիգեան հանդէս եկած է նաեւ Հոլանտայի, Քոլոմպիոյ եւ Ուրուկուէյի կարգ մը ակումբներու հետ: