ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) 2018-2019 տարեշրջանի միջվարչական խորհրդակցական ժողովը եւ նորագիր անդամներու դաստիարակչական սեմինարը տեղի ունեցաւ 9էն 10 Նոյեմբերի շաբաթավերջին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ, շրջանի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի հիւրընկալութեամբ:
Սոյն սեմինար-ժողովին ներկայ էին Քեպեքի, Օնթարիոյի եւ Պրիթիշ Քոլոմպիոյ բոլոր շրջաններէն ժամանած վարչական կազմերը եւ յանձնախումբերու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ դաշնակցական նորագիր երիտասարդականներու մեծաթիւ փաղանգ մը:
Սեմինարի աշխատանքները սկսան շաբաթ առաւօտեան. վարչական կազմերն ու յանձնախումբերը ներկայացուցին իրենց տարեկան ծրագիրները: Ապա, անդամները ունկնդրեցին դասախօսութիւններ՝ ղեկավարի պատասխանատուութիւններուն եւ ԳԵՄի գործունէութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու կարելիութիւններուն մասին: Քննարկուեցան նաեւ ԳԵՄի իրավիճակն ու անոր բարելաւման գծով եղած առաջարկները:
Շաբաթ երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ՀՅԴի 128ամեակի տօնակատարութիւն՝ կազմակերպուած Թորոնթոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին կողմէ: ՀՅԴ ԳԵՄի անդամները ներկայ գտնուեցան այս ձեռնարկին եւ յեղափոխական երգերով ու իրենց յատուկ ոգեւորութեամբ նշեցին Դաշնակցութեան տարեդարձը:
Կիրակի օր, վերանորոգուած վճռակամութեամբ եւ աշխատանքները յաւելեալ թափով շարունակելու կամքով, բոլոր երիտասարդները վերադարձան ի-րենց քաղաքները: