ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Համազգայինի «Արդի» միաւորին նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 1 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ իւրայատուկ համերգ մը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող պատմական «Los Angeles Theater Company» սրահին մէջ (514 S Spring St., Los Angeles, California 90013)։
Համերգին պիտի մասնակցին Արտիոմ Մանուկեան (թաւջութակ), Վահագնի (կիթառ) եւ Անդրանիկ Գիզիրեան (ուտ), ինչպէս նաեւ Սեպուհ Սիմոնեան («Capital Cities»էն)։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել՝ www.facebook.com/events/260415327968054/ կայքէջը։