ՖՐԵԶՆՕ.- 2018-2019 հողագործական տարեշրջանին համար, Հայ ճարտարագիտական խումբը (ATG) առաւել քան 700 արտավար տարածքի մը մէջ ցանած է Հայաստանի սերմերու շտեմարանը վերստեղծելու համար հարկաւոր սերմերու տեսականի, առաջնորդութեամբ Հայ ճարտարագիտական խումբի Հայաստանի գործունէութեան վարիչ Գագիկ Մկրտչեանի եւ հողագործութեան մասնագէտ Մխիթար Գրիգորեանի։
Ֆրեզնօ հաստատուած նշեալ կազմակերպութեան այս ծրագիրին նպատակն է ամբարել որակաւոր սերմեր, որոնք բնական աղէտներու պարագային նոր ցանքերու առիթ պիտի ընծայեն Հայաստանի հողագործերուն։
Նշենք, որ 1990ականներէն մինչեւ 2008, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան աջակցութեամբ սկսած Հայ ճարտարագիտական խումբի «Ցորենի ծրագիր»ը ընդարձակուած է ամերիկահայ համայնքին ցուցաբերած աջակցութեան շնորհիւ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ հայ հողագործին, շարք մը ծրագիրներու միջոցաւ։
«Սերմերու շտեմարանը վերստեղծելու նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ երկրին ուտեստեղէնի ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն», կը յայտնէ Հայ ճարտարագիտական խումբի գործադիր վարիչ Վարուժան Տէր Սիմոնեան։
Իր կարգին, Գագիկ Մկրտչեան շնորհակալութիւն կը յայնտէ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին, որ կ՛աջակցի նախորդ իշխանութեանց քայլերուն հետեւանքով իրենց հողատարածքները կամ արտադրութեան կարելիութիւնները կորսնցուցած հողագործներուն։
Հայ ճարտարագիտական խումբին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր աջակցելու համար դիմել՝ (559) 224-1000 թիւին կամ՝ info@atgusa.org ու P.O. Box 5969, Fresno, CA 93755 հասցէներուն։ Խումբին համացանցային կայքին հասցէն է՝ www.atgusa.org։