ԱՐԱ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ
Ֆրեզնոյի հեռաւոր աստղը դարձեալ կը փայլփլի: Այս աստղը հեռու է Սփիւռքի ներկայ կեդրոնէն՝ Լոս Անճելըսէն, բայց ունի յատուկ գաւառային ներկայութիւն մը, անցեալէն մնացած գրաւչութիւն մը: Այսպէս, մերթ կը կարդաք անոր մասին, մերթ կ՛անհետանայ ու մերթ դո՛ւք կ՛այցելէք Ֆրեզնօ: Վերջերս ալ տունէն եկած պանդուխտներ հոս բնակութիւն կը հաստատեն: Բոլորն ալ մնայուն յաւերժական տուն մը կը փնտռեն: Յաջողութիւն:
Նոյեմբեր ամիսը ֆրեզնոյի մէջ միշտ աշխոյժ եղած է: Բերքահաւաք, աշնան փառատօն, տօնական օրերու նախօրեակ եւ բեղուն միութենական աշխատանքներ:
Ձեռնարկներէն առաջինը տեղի ունեցաւ «Ասպարէզ» Հայ կեդրոնին մէջ 1 Նոյեմբերին: Նախաձեռնողն էր Հանրային համալսարանի Հայագիտական ամպիոնը: Ձեռնարկին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին շրջանի ՀՄԸՄը եւ Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղը: Բանախօսն էր փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան՝ նիւթ ունենալով Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը: Բացառիկ էր տեսնել շուրջ երեք հարիւրի հասնող հայախօս եւ անգլիախօս խումբ մը: Բայց ամենամեծ քաջալերանքն էր երիտասարդութեան մասնակցութիւնը: Օրուան հանդիսաւարն էր դոկտ. Յակոբ Օհաննէսեան, որ մեծ խանդավառութեամբ ներկայացուց յարգելի բանախօսը:
Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան նախ ներկայացուց իր ընտանիքին պատմութիւնը, մասնաւորաբար իր հօր ազատագրումը Մեծ Եղեռնէն՝ մինչեւ Ամերիկա գաղթելը: Ապա ան ներկայացուց պատմութիւնը առաջին Հանրապետութեան ստեղծման եւ կորուստին, որ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Սփիւռքի հայութեան վրայ, այն իմաստով՝ որ հայութիւնը բաժնուեցաւ երկու հատուածներու: Առաջինը՝ անկախութեան գաղափարին կառչած հատուածը, իսկ միւսը՝ Խորհրդային Հայաստանի, որոնք, չունենալով անկախութեան իտէալի հետապնդումը՝ բախում ունէին՝ մէկը միւսին հետ: Յարգելի բանախօսը ակնարկեց նաեւ երկրորդ Հանրապետութեան, որ ունենալով հանդերձ բոլոր տուեալները՝ չկրցաւ երկրին տալ նպաստաւոր վերելք մը: Դոկտ. Յովհաննէսեան Ամերիկայի յաջորդող սերունդներուն ակնարկելով՝ ըսաւ, թէ իրենց ծնողները օր մը կորսնցուցին իրենց տուները Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ մատնուեցան օտարութեան քաոսին մէջ ապրելու:
Ձեռնարկի աւարտին ՀՄԸՄի փոխատենապետ Վաչէ Վասիլեան յիշատակի գրութիւն մը նուիրեց յարգելի բանախօսին, եւ ներկաները յոտնկայս ծափահարեցին եւ գնահատեցին բանախօսը: Ներկաները հիւրասիրուեցան Համազգայինի կողմէ:
Երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 3 Նոյեմբերին, դարձեալ «Ասպարէզ» Հայ կեդրոնին մէջ, ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակին եւ Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղի 45ամեակին նուիրուած: Ներկաները նախ հիւրասիրուեցան սրահի մուտքին եւ նուագի ընկերակցութեամբ վայելեցին հաճելի պահ մը: Հանդիսավարն էր Կարպիս Գաթարոյեան: Սկաուտական խումբը ներկայացուց Ամերիկայի եւ Հայկական դրօշները եւ Շողիկ Բաբոյեան երգեց քայլերգները:
Սրահը շքեղօրէն զարդարուած ըլլալով, ինչպէս նաեւ չորս հարիւրի հասնող ներկաներուն թիւը գեղեցիկ տեսարան մը կը պարզէին:
Եդուարդ Մկրտիչեան ներկայացուց գլխաւոր երեք բարերարները՝ Վահան եւ Անուշ Շամլեաններ, Վաչէ եւ Ճէյն Քարտաշեաններ, Ազնիւ Վարդանեան եւ ընտանիք: ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի վարչութիւնը յուշանուէրներով եւ մետալներով յարգեց յարգելի բարերարները:
Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մանուէլ Մարսէլեան շնորհաւորեց «Սասուն» մասնաճիւղը եւ սկաուտական «Արարատեան կարգ» շնորհեց Հրաչ Գոչունեանին: Ապա մասնաճիւղի ատենապետ Արա Ճիէրեան բեմ հրաւիրեց «Սասուն» մասնաճիւղի հիմնադիրները կամ հարազատներ, որոնք կը նեարկայացնէին անոնց, որոնք մեզմէ առ յաւետ բաժնուած էին:
Պատի՛ւ հիմնադիրներուն եւ մինչեւ այսօր իրար յաջորդող քույրեր եւ եղբայրներուն, որոնք կը շարունակեն ՀՄԸՄի առաքելութիւնը:
Տեղի ունեցաւ մոմավառութեան արարողութիւն նուիրատուներուն կողմէ: Սկաուտական խմ-բապետուհին ցուցադրեց տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Հայաստանի մէջ սկաուտական ընդհանուր բանակումը:
Երեկոն խանդավառեց երգիչ Վրէժ Սահակեան եւ ներկաները մինչեւ ուշ գիշեր խանդավառ մթնոլորտ մը ապրեցան:
Ստորեւ՝ ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը, որ գրուած էր այս առթիւ գրքոյկին մէջ.
«Քառասունհինգ տարիներ առաջ, խումբ մը նուիրեալ հայորդիներ Ֆրեզնոյի մէջ հիմը դրին գաղութիս ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղին, որ դարձաւ անքակտելի մէկ սուրբ մասնիկը ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին, որ հիմնուած էր հարիւր տարիներ առաջ՝ 1918ին, Պոլսոյ մէջ:
Հպարտանքի եւ փառքի տարի մըն է: Այսօր ՀՄԸՄը հարիւր տարեկան է, բայց անիկա միշտ երիտասարդ ու միշտ սլաթեւ վերելքի մէջ է՝ հաւատարիմ իր նշանաբան «բարձրաձիր, բարձրաձուր»ին: Իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն, անիկա միայն պատիւ, սէր եւ ուրախութիւն ներշնչեց Սփիւռքի բոլոր գաղթօճախներուն մէջ: Դեռ մատղաշ տարիքէն, մեզ համակեց հայապահպանման ոգիով ու մեր մէջ դրսեւորեց հայրենասիրութեան ու մարդասիրութեան վեհ արժէքները, որ դարձուց մեզ մէկական նահատակ ցեղի անմահներ, միշտ մեր սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ կոթողուծ ունենալով եռագոյն դրօշը:
ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղ. այսօր 45ամեայ տարեդարձիդ շեմին, Ֆրեզնոյի հայ գաղութը հպարտ է քեզմով, մարզիկներովդ, սկաուտներովդ եւ հրաթեւ կամաւոր բանակովդ:
Փառք ու պատիւ քեզ, հայ կեանքին իմաստ ներշնչող, մեր միտքերուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող ու մեր հոգիներուն հայրենիքի շողն ու արեւը պարգեւող միութիւն:
ՀՄԸՄ՝ կեցցէ՛ս դուն յաւերժ»: