«ԱՍՊԱՐԷԶ»
9 Դեկտեմբերին, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները: Այս առթիւ, յիշեցման կարգով կը ներկայացնենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջադրանքներուն ամփոփումը.
Հայ Յեղափոխական Դաշնացկութիւնը կողմ է՝
1.- Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման եւ ապահովութեան՝ առանց որեւէ զիջումի.
2.- Մեր ազգային արժէքներու եւ իղձերու ամրապնդման.
3.- Ընկերային եւ տնտեսական արդարութեան հաստատման. գործատեղերու ստեղծման եւ աղքատութեան վերացման.
4.- Յառաջատուական հարկային դրութեան, ուր բարձր եկամուտ ունեցողը աւելի բարձր հարկ կը վճարէ, քիչ եկամտուտ ունեցողը՝ քիչ.
5.- Բարձր մակարդակի կրթութեան եւ առողջապահական խնամքի՝ բոլոր քաղաքացիներուն համար.
6.- Համահայկական զօրակցութեան՝ մեր զինուորներուն, սպայական կազմին, բանակին եւ մեր ռազմական կարողականութեան ուժեղացման.
7.- Հայաստանի զարգացման գործին Սփիւռքի կազմակերպուած եւ կառուցողական մասնակցութեան։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դէմ է՝
1.- Արցախի հարցին գծով զիջման հակամէտ պարտուողական վարքագիծին.
2.- Վնասակար արտաքին միջամտութեանց.
3.- Տնտեսական չարաշահումներու.
4.- Աղքատը աւելի աղքատացնելու հաշուոյն հարուստները աւելի հարստացնող վարքագիծին.
5.- Կրթական թերի դրութեան եւ առողջապահական խնամքի անմատչելիութեան.
6.- Մեր բանակի ռազմական պատրաստուածութեան վնաս հասցնող, պատերազմի ատեն անոր մարտունակութիւնը տկարացնող որեւէ քայլի.
7.- Սփիւռքի պառակտման, Սփիւռքի ներդրումներու խոչընդոտման եւ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները խոր-հրդանշական մակարդակի վրայ պահելուն։
Աս կեցուածքներով, դաշնակցութիւնը սե՞ւ է թէ ճերմակ, յեղափոխական է թէ ռեւանշիսդ. մէկ մը Նիկոլին հարցուցի՞ք