Սեւծովեան Տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ ԽՎ) լիագումար նստաշրջանին մասնակցողները 28 Նոյեմբերին այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Հիւրերը ծաղիկներ տեղադրեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը: Անոնք այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, ծանօթացան Ցեղասպանութիւնը փաստող վաւերագրութեանց, դիտեցին ցուցանմուշները եւ գրառում կատարեցին յուշամատեանին մէջ:
«Որպէսզի ցեղասպանութիւնները չկրկնուին, անհրաժեշտ է, որ երկրի վրայ խաղաղութիւն տիրէ: Կը կարծեմ, որ մարդիկ պէտք է աւելի շատ մտածեն ապագային մասին, քան ներկային, անշուշտ՝ առանց մոռնալու անցեալը: Ան որ կը մոռնայ անցեալը՝ ապագայ չունի», յայտնեց ՍԾՏՀ ԽՎի Ռուսիոյ պատուիրակութեան անդամ, Ռուսիոյ Պետական տումայի պատգամաւոր Նիքոլայ Քոլոմէյձեւ: