ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Երկուշաբթի օր սկիզբ առաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախընտրական քարոզարշաւը: Կը մաղթեմ, որ այս քարոզարշաւը ըլլայ իսկապէս գաղափարներու եւ ծրագիրներու մրցակցութիւն: Մասնակիցները հասկնան, թէ այսօրը վաղուանը պիտի կառուցէ, եւ ոչ թէ այսօրուանը քանդելով՝ վաղուան յաղթանակի ճամբայ պիտի հարթէ:
Կը մաղթեմ, որ այս քարոզարշաւը ըլլայ քաղաքական հայեացքներու բախում, եւ ոչ թէ անհատականութիւններու, անհատական թէ հաւաքական «ես»երու բախում: Տալ ժողովուրդին առիթը դիմակներէ անդին անցնելու եւ միտքերը հասկնալու, զանազանելու:
Կը մաղթեմ, որ քարոզարշաւին ընթացքին ժողովուրդը դիտարկուի որպէս գլխաւոր դատաւոր եւ իրաւատէր, եւ ոչ թէ որպէս բան սորվելու հրաւիրուած աշակերտութիւն: Քաջալերուի իւրաքանչիւր քաղաքացիի անկաշկանդ տեղեկանալու եւ ընտրելու իրաւունքը՝ ինչ ալ ըլլան անոր նախասիրութիւնները: Նոյնիսկ իր սխալներուն մէջ, ժողովուրդը անսխալական է:
Կը մաղթեմ, որ քարոզարշաւի մասնակից թեկնածուները մրցին իրենց հեզութեամբ եւ համեստութեամբ՝ եւ ոչ գոռոզութեամբ ու աստուածային շնորհքներ բաժնողի հոգեբանութեամբ: Յախուռն քննարկումներն ու առաջադրանքներն անգամ կրնան եւ պէտք է մնան յարգանքի եւ պատշաճութեան սահմաններուն մէջ:
Կը մաղթեմ, որ քարոզարշաւին մէջ տիրական ըլլան՝ բանականութիւնը, հանդարտաբարոյ երկխօսութեան կանոնները, եւ ոչ թէ անտառի օրէնքներն ու ցեխարձակումները: Քարոզարշաւը ինքնին ընդունիլ որպէս միջոց եւ գործընթաց առողջ քաղաքական եւ նաեւ ընկերային հասարակութիւն ստեղծելու համար: Նոյնիսկ եթէ ուրիշ մը ընտրուի, հասկնալ թէ ան մրցակից է, այլ ոչ թշնամի:
Կը մաղթեմ, որ քարոզարշաւի իւրաքանչիւր մասնակից հասկնայ, որ ինք ազգի ու ժողովուրդի զինուորն է ու կը պատրաստուի ըլլալ անոր ծառան, ոչ թէ անոր ուսուցիչը, հրամանատարը, կամ իշխանը:
Կը մաղթեմ, որ քարոզարշաւի մասնակիցները ընդունին որ շատ հաշտ կերպով կը համադրուին համամարդկային եւ ազգային իտէալները, եթէ անոնք առողջ են եւ հարազատ: Լաւ հայ չի կրնար ըլլալ առանց լաւ մարդ ըլլալու:
Կը մաղթեմ, որ բոլոր մասնակիցները՝ որպէս իրենց գլխաւոր կիզակէտ ունենան ազգի հեռահար տեսլականներն ու իրաւունքները: Հասկնան, թէ իսկական ժողովրդավարական եւ սոցիալական արդարութեամբ օժտուած Հայաստանի մէջ է հայ ազգի հզօրութիւնը:
Կը մաղթեմ, որ քարոզարշաւին մասնակցողները իւրացնեն այն անսակարկելի հաւատամքը՝ որ հայը մէկ է եւ միակամ, երբ խնդիրը Հայաստանի ու հայութեան անվտանգութեան կը վերաբերի, հայը մէկ է եւ միակամ, երբ նպատակը իսկապէս ազատ, գերազանցապէս անկախ եւ ամբողջականօրէն միացեա՛լ Հայաստանն է:
Վերջապէս, չնայած թէ ո՛ր քաղաքական ուժերը կամ թեկնածուները յաջողած դուրս գան այս ընտրարշաւէն, կը մաղթեմ, որ Հայաստանը, Հայ ազգը եւ Հայ մարդը անկէ դուրս գան յաղթանակած՝ աւելի հզօր, աւելի ժողովրդավար ու աւելի ամրակայուած՝ քան երբեւէ:
Շատ ազնիւ մօտեցում մը կայ աս գրութեան մէջը: Բայց մենք պէտք չէ մոռնանք որ Հայաստանի մէջ այսօր ազնիւութիւնը տեղ չունի. մեր յիշողութիւնը պէտք չէ կարճ ըլլայ. Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները մոռցա՞նք: Իրաւունք չունինք մոռնալու: Ընտրապայքար ընելու համար – համաձայն եմ որ փողոցի լեզու պէտք չ գործածենք – պէտք է հրապարակ եկողներուն սուտերը եւ հիմ չունենալները ցըցնենք: Յետոյ ալ պէտք է նայինք որ ընտրութիւններէն վերջը ինչ վիճակ պիտի ստեղծուի: Այսօրուայ իշխանութեան մարդիկը վաղը ացգային ժողովն ալ գրպաննին պիտի դնեն եւ պիտի ըսեն, որ ժողովուրդին անունով կը խօսին, ալ անկէց ետքը կրնան ուզելով եւ չուզելով մեծ սխալներ ընել, հող տալ եւ ըսել, որ մեր օգուտին համար ատիկա պէտք է, ժողովուրդը ասպէս կուզէ: Չէ որ հիմա նորութիւն է ժողովուրդը ասպէս կուզէ ըսելը եւ ամմէնուն քնացնելը: Լաւ մաղթանքներուն ըսելիք չիկայ, բայց իրական գետինի վրայ բոլորին ունենալիք վնասները պէտք է ցանկերով ցըցնենք:
Արդար եւ տեղին մտահոգութիւն է եւ պէտք է ազգովի՛ն զօրաշարժի ենթարկուիլ այսօ՛ր իսկ (վաղը ուշ կ’ըլլայ) Արցախի հարցի լուծման մասին «ոչ մէկ թիզ» կարգախօսով: Դիտեցէ՛ք ընտրական քարոզարշաւի ընթացքին Փաշինեանի ունեցած ելոյթին այս հատուածը https://www.youtube.com/watch?v=WBdzVn0f5FE (2:05-2:30) եւ պիտի տեսնէք թէ Փաշինեան կը ստէ երբ կ’ըսէ «ես Հայաստանի առաջին ղեկավարն եմ ով ասել է որ Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ մի ղեվակար եւ իշխանութիւն չի կարող լուծել Ղարաբաղի հարցը»: Բացի իր խորհրդատու ԼՏՊ-էն, իրեն նախորդող ղեկավարները մի՛շտ պահանջած են Արցախի (արդէն «Ղարաբաղ» չէ անունը) ղեկավարութեան մասնակցութիւնը՝ հարցի քննարկումներու ընթացքին:
Այդ խօսքէն անմիջապէս ետք, Փաշինեան կ’ըսէ.- «եթէ կը լինի Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման էնպիսի առաջարկ որը իմ կարծիքով ընդունելի կը լինի մեր ժողովրդի համար՝ ես կգամ եւ այդ առաջարկը կը ներկայացնեմ ժողովրդին». (2:35-2:51). բայց նոյնինքն Փաշինեանը չէ՞ր որ ընդամէնը 5 երկվայրկեան առաջ ըսաւ որ «Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ մի ղեվակար եւ իշխանութիւն չի կարող լուծել Ղարաբաղի հարցը»: Ի՞նք ինչու պիտի ներկայացնէ այդ «առաջարկը», եւ ինչու Հայաստանի՞ ժողովուրդին, քանի որ Հայաստանի ղեկավար եւ իշխանութիւն (այսինքն ներառեալ՝ ժողովուրդ) «չեն կարող լուծել Ղարաբաղի հարցը»:
Առաւել եւս, ի՞նչ խոհանոցային առաջարկներ կը համեմուին արդեօք. եւ ի՞նչ կը նշանակէ «ժողովուրդը կը որոշի՝ ընդունի՞ այդ առաջարկը թէ՝ չընդունի». (2:52-2:56): Պարզ է, եւ արդէն բազմիցս խօսուած՝ որ առաջարկը «խաղաղութիւն՝ տարածքներու վերադարձի դիմաց» հիման վրայ է: «Մերժի՛ր Սերժին» պոռչտալով փողոց ելած ամբոխին արդեօ՞ք կը պատրաստեն «հացի եւ սիրոյ» դիմաց՝ ազատագրուած շրջանները վերադարձնելու եղբայրական ցոյցերու:
Ճիշդ տեսած ես վտանգը. շատերը այսօր մոռցած են որ ժամանակին, Լեւոնն ալ սկսեր էր քալել Արցախէն հող տալու, նույնիսկ Հայաստանի հարաւէն հող տալու ճամբայէն եւ ժողովուրդին կը փորձէր համոզել, որ եթէ քիչ մը հող տանք, Հայաստանի մէջ մեզի հանգիստ ապրելու կըձգեն: Ատոր համար ալ աթոռը կորսնցուց եւ հիմա Մարտ մէկի հարցերը ուրիշին գլուխին կը փաթթէ իր աշակերտ Նիկոլին հետը: Մեր աչքերը պէտք է բանանք եւ տեսնենք, որ Լեւոնին ալ, Նիկոլին ալ խելք տուողը, իրական պոսերը Հայաստանին բարիքը եւ իրաւունքը չեն ուզեր տալ: «Վաղը ուշ կըլլայ» գրած ես. միտքիդ մէջը ընտրութիւններն են հաւանօրէն, երբ «ժողովուրդին անունով» խօսիլը աւելի հող պիտի շահի.