ԾՈՎԻՆԱՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ – ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Սփիւռքը կ՛արժեւորուի, իր ծնունդ տուած տաղանդներով, իր նուիրեալ զաւակներուն նկատմամբ տածած յարգանքով ու մեծարանքով:
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ՝ «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան, «Թէքէեան» եւ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պոլսահայ միութեան, յոբելենական հանդիսութիւն մը կազմակերպուեցաւ սփիւռքահայ գրականութեան փայլուն ներկայացուցիչներէն Վեհանոյշ Թեքեանի ծննդեան 70ամեակին եւ գրական կեանքի 55ամեակին առթիւ:
Այս առթիւ, կազմակերպիչները դիմեցին իր գրչակիցներուն, խնդրելով իւրաքանչիւրէն ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքը՝ զետեղուելու համար յոբելեարին յանձնուելիք յուշամատեանի էջերուն վրայ: Մեծ թիւով գրողներ, բանաստեղծներ, խմբագիրներ, մտաւորականներ թէ նախարարներ սիրով ընդառաջեցին իրենց շնորհաւորագիրներով եւ գնահատագիրներով, իսկ հայ բանաստեղծութեան նահապետին՝ Ժագ Ս.Յակոբեանին կողմէ հռչակուելով հայ գրականութեան «Տիկնանց Տիկին»ը:
Այդ Ալպոմը յանձնուեցաւ յոբելեարին՝ իբրեւ յուշ, որմէ կը մէջբերենք Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ իրեն ձօնուած խօսքը.
«Ահաւասիկ կը նուիրենք խաչբուռ մը, որ խնդակցութեան եւ շնորհաւորանքի մաղթանք է գրչակիցներուդ: Իւրայատուկ ալպոմ, որ կը ներփակէ հայրենիքի եւ Սփիւռքի մտաւորականներուն ցնծութեան խօսքերը, ուղղուած գրագիտուհիի մը, որ տակաւին պարմանուհի՝ մուտք գործեց հայ գրականութեան մէջ ու ապրեցաւ անկէ անանջատ, իր էութեամբ եւ նեարդներով միահիւսուելով անոր հետ:
Այդ գրութիւններուն մէջ նկատելի են կուրծք ուռեցնող գնահատականներ, զեղումներ, վերլուծումներ, բարեմաղթութիւններով առլցուն: Այդ բոլորը կը պարուրեն էակ մը, որ իր յախուռն գրիչով սպասարկուն դարձաւ հայ արդի գրականութեան, Սփիւռքի ծոցին մէջ հասակ առած ու Սփիւռքի հետ շաղախուած գրչուհին, որ ձայնը յանդգնօրէն լսելի դարձուց ու համամարդկային եւ ազգային ապրումներով, մնայուն ներկայութիւն դարձաւ ժամանակակից հայ մամուլին եւ գրականութեան մէջ:
Ձեր հոգեմտաւոր երկունքէն ծնունդ առած 13 հատորները, լաւագոյնս կը ներկայացնեն ձեր աշխարհայեացքն ու լեզուամտածողութիւնը, որ Սփիւռքը դարձուցած էր իր տարերքն ու ներշնչման աղբիւրը:
Շնորհաւորանքի, գնահատանքի ու պատիւի արժանի ձեր վաստակը՝ ժառանգութիւնը պիտի դառնայ հայ ազգին եւ գրականութեան: Վաստակ մը, որ «Կապոյտ Ապրիլ»ով բեղմնաւորուեցաւ, հաստատելով յարգանքի արժանի ներկայութիւն մը, որ հասաւ մինչեւ «Սփիւռքապատում»ն ու «Սփիւռքագիր»ը:
Վստահ ենք, որ շնորհիւ ձեր Աստուածատուր տաղանդին, ժամանակակից գրականութիւնը պիտի ուռճանայ նոր գլուխ գործոցներով եւ 21րդ դարու նանիր գրական աշխարհը, պիտի սաւառնի վերասլաց, դէպի բարութեան եւ հաւատքի ճառագայթումներով ջրդեղուած տիեզերքի անհունները:
Գրիչդ անսպա՛ռ, աննահանջ ե՛րթ դէպի նորանոր բարձունքներ:»
9 Նոյեմբեր, 2018ին, Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանի սրահը կը ժամանէին գրասէրներ, որոնց մօտ նկատելի էր գրագիտուհիին հանդիպելու փափաքը: Մտաւորական խաւ մը՝ որ յաղթահարելով Ուրբաթ օրուան երթեւեկային դժուարութիւնները, եկած էր յարգանքի տուրք մատուցելու հայ գրագիտուհիին, որ ծանօթ էր իբրեւ բանաստեղծուհի, արձակագիր, հրապարակախօս, մայր, կիներու մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, մանկավարժ, համալսարանի գրադարանավար կամ դասախօս:
Ակնարկ մը նետողը կը տեսնէր, թէ ներկաներէն շատեր մտաւորականներ էին: Ատիկա ցուցանիշ էր, թէ ի՛նչ հոգեմտաւոր ոյժ կը ներկայացնէր Սփիւռքը:
Բեմ բարձրացաւ օրուան հանդիսավար՝ Շրջանային վարչութեան անդամ Քնար Գորթոշեան, որ շատ գեղեցիկ խօսքերով կատարեց երեկոյին բացումը եւ արտասանեց Համազգայինի խօսքը: Իր խօսքի աւարտին Գորթոշեան բեմ հրաւիրեց շրջանային վարչութեան անդամ Վանիա Պապիկեանը, որ ներկայացնէ յոբելեարին կենսագրական գիծերը: Իր ընթերցումը կ՛ընթանար սահիկներու ցուցադրութեամբ՝ պատկերներ, որոնք կը պատմէին յոբելեարի կեանքի ուղին եւ գլխաւոր իրադարձութիւնները:
Թեքեան մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարան (1966) յաճախած է Հայ Աւետարանական քոլեճը. երկու տարի Հայկազեան համալսարան, ապա՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան, ուր մասնագիտացած է փիլիսոփայութեան եւ անգլերէն գրականութեան մէջ:
Առաջին գրութիւնը լոյս տեսած է «Պատանեկան Արձագանգ»ի մէջ՝ Ժանէթ Քասունիի քաջալերանքով, երբ դեռ տասնհինգ տարեկան էր:
Երկրորդականէն հազիւ շրջանաւարտ՝ կ՛աշխատակցի Սիրան Սեզայի «Երիտասարդ Հայուհի» հանդէսին, ապա Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք»ին 1967-1978, ուր կը վայելէ գրող եւ խմբագիր Սիմոնեանի անվերապահ գնահատանքը:
1969ին, Սիմոնեանի քաջալերանքով եւ Գուրգէն Մահարիի յառաջաբանով կը հրատարակուի իր առաջին գիրքը՝ «Կապոյտ Ապրիլ», որ լայն արձագանգ կը գտնէ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ:
Թեքեանի գրութիւններն ու բանաստեղծութիւնները յաճախ լոյս կը տեսնեն «Բագին» գրական հանդէսին մէջ, ինչպէս նաեւ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, շնորհիւ գրականագէտ-գրաքննադատ Պօղոս Սնապեանի անվերապահ նեցուկին եւ խմբագրութեան:
Կենսագրութիւնը նաեւ կը պատմէր Թեքեանի դէպի Հայաստան կատարած առաջին ուղեւորութեան մասին, 1975ին, որուն ճամբուն վրայ կ՛այցելէ արեւմտահայաստանի զանազան պատմական քաղաքները: Կարսը հոգեցունց ներգործութիւն կը կատարէ իր վրայ, որ մինչեւ հիմա գաղտուկ կ՛արձագանգէ իր բանաստեղծութիւններուն մէջ.
«Այստեղ ծննդավայր է: Այստեղ բերդ կայ թաղուած,
Այստեղ արեւը ճզմուած է:
Հարթողը գերաններ չէ բարձրացուցած:
Այստեղ վեց տասնամեակ է՝ որմնադիրներ չկան:
Սեւաթափ, լքուած քարերը յանկարծ քեզ կը ճանչնան»։
1976ին կատարած երկրորդ այցելութեան առթիւ Վահագն Դաւթեան կը ստանձնէ իր բանաստեղծութիւններէն փունջ մը խմբագրելու եւ լոյս ընծայելու յանձնառութիւնը:
Պէյրութ վերադարձին, Սովետական դեսպանատունէն իր հետ կապ կը պահէ Սփիւռքի հետ մշակութային կապի կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարդգէս Համազասպեան եւ թելադրանքի նման խորհուրդ կու տայ, որ Վեհանոյշ դադրեցնէ գրութիւններ տալ դաշնակցական մամուլին: Հակառակ իր անկուսակցական ըլլալուն, Վեհանոյշը խստիւ կը մերժէ Համազասպեանի թելադրանքները եւ կը պնդէ, որ ոչ ոք իրաւունք ունի մտաւորականին ազատութիւնը կաշկանդելու: Վեհանոյշը շուտով կ՛իմանայ, թէ Երեւանի մէջ արդէն տպուած հատորը կ՛արգիլուի լոյս տեսնելէ, այնտեղ նկատուած անկախ Հայաստանի եւ հայութեան ազատութեան տեսլականին պատճառով, ինչպէս նաեւ դաշնակցական մամուլին աշխատակցելու «յանցանքով»: Միաժամանակ, բանաստեղծուհիին անունը կը զետեղուի օրուան գաղտնի սպասարկութեան «Սեւ Ցուցակ»ին վրայ: Իրողութիւնն այն էր, որ իր արգելափակուած բանաստեղծութիւններու ժողովածուն կողմնակի միջոցներով մեծ թիւով մտաւորականներուն ձեռքը հասած էր:
Վեհանոյշը, բազմաթիւ մտաւորականներու նման, սովետական իշխանութեան երկաթէ վարագոյրէն դուրս կը մնայ, մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումը: 2012ին, հայրենիք այցելութեան առթիւ, ան կ՛արժանանայ պատշաճ մեծարանքի Հայաստանի Գրողներու միութեան կողմէ՝ արժանանալով «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին:
Ձեռնարկի ընթացքին սահիկներու (Power Point-ի) օժանդակութեամբ ներկայացուած եւ լուսանկարներով միահիւսուած կենսագրութիւնը իսկական յիշատակարան մըն էր, որ յուզմունքի եւ ուրախութեան պահեր շնորհեց մեծարեալին:
Ապա բեմ բարձրացան Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի 9րդ եւ 11րդ կարգէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք սահուն հայերէնով եւ առոգանութեամբ հատուածներ ընթերցեցին գրողին գործերէն, ապա փակումը կատարեցին «Կիլիկիա» երգով, ղեկավարութեամբ իրենց հայոց լեզուի դասատու Թամար Թիւֆէնկեանի: Ներկաներէն շատեր մեծ գոհունակութիւն եւ վայելք ապրեցան, տեսնելով նորահաս սերունդին մեծաթիւ մասնակցութիւնը նման գրական երեկոյին՝ ի պատիւ յոբելեարին:
Գեղարուեստական բաժինը իր լրումին հասաւ, երբ Թիւֆէնկեան իր հմայիչ ձայնով առինքնեց ներկաները, ելոյթ ունենալով երկու մեներգներով, «Հայոց Տառեր»ը՝ ձօնելով Թեքեանին եւ մեկնաբանելով Կոմիտասի «Երկինքն ամպել է» երգը արժանանալով ներկաներուն ջերմ ծափողջոյններուն:
Օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ դոկտ. Յակոբ Կիւլիւճեան ելոյթ ունեցաւ համապարփակ կերպով անդրադառնալով գրագիտուհիին հարուստ գրական վաստակին, գիրք առ գիրք ներկայացնելով անոր հարուստ ներաշխարհը՝ ըսելով. «Վեհանոյշ Թեքեանի ամենաբնորոշ յատկանիշներն են՝ անարատ կշռոյթը, անձանձրոյթ ընթեռնլիութիւնը, անզիջող ցասումը, պատկերներու, ձայնի եւ գաղափարներու բացառիկ ինքնատիպութիւնը, որուն մասին կարելի է կարծիք կազմել քերթուածներուն միայն վերնագիրները կարդալով: Արեւմտահայերէնով շղթայազերծուած ստեղծագործական թափը այդ լեզուի գեղեցկութեան բարձրագոյն կատարներէն կը քալէ, զայն հարստացնելով, արտայայտչականութեան կատարելութիւնը ապացուցելով, պնդելով սակայն՝ «հաւատա բառերու՝ եթէ լուսեղ հոգի ունին / մի հմայուիր անոնց շքեղ հանդերձանքէն»:
Ապա շարունակելով զուգահեռ մը կ՛ըստեղծէ, Սրբուհի Թերեզայի եւ Վեհանոյշին մասին, որ քննադատելէ ետք թանգարանի պատկերով տրուող լեզուն, ուր «մահուան տեսիլք եւ կեանքի ցնորք» կայ, Վեհանոյշը վեհագոյն միսթիք Սրբուհի Թերեզայի գրեթէ նոյն բառերով կը հարցնէ լոյսին՝ «Ի՞նչ կ՛ուզես ինձմէ», «ինձմէ ի՞նչ կ՛ուզես», եւ կը շարունակէ.
«Փակեր եմ դուռը
այս թանգարանի մշտնջենական բնակիչն եմ ես
թանգարանիս մէջ միմիայն դուն կաս որովհետեւ
դուն ոչ անցեալ ես
ոչ ներկայ եւ ոչ
ապառնի ունիս
դուն այն լոյսն ես որ ստեղծուեցաւ Ըլլալ բային հետ»։
Դոկտ. Կիւլիւճեանի ներկայացումը յաւելեալ կշռոյթով ու մակարդակով արժեւորեց Թեքեանի նուիրուած հանդիսութիւնը:
Արդարեւ, Թեքեան նոր շունչ բերած էր ո՛չ միայն արեւմտահայ բանաստեղծութեան, այլ համայն հայկական չափածոյ արուեստին: Անոր համար ալ իր գրութիւնները փնտռուած եւ բարձր գնահատուած են Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ:
Հայրենասիրութիւնն ու Ցեղասպանութիւնը միշտ առկայ եղած են հեղինակի գրականութեան մէջ, սակայն առանց ողբի՝ այլ պահանջատէրի խրոխտութեամբ:
«Կրինուուտի Ամերիկեան Բազմազգ Գրականութեան Հանրագիտարան»ին (The Greenwood Encyclopedia of Multiethnic American Literature) մէջ զետեղուած է Վեհանոյշ Թեքեանի հակիրճ կենսագրութիւնը, ուր կ՛ըսուի. «Վեհանոյշը կը պայքարի յաղթահարել ցեղասպանուած ժողովուրդի հոգեբանութիւնը եւ կաղնիաբար խրոխտ հասակով ոտքի կը կանգնի՝ ունկնդրելով հանդերձ հայկական անցեալին առընչուող իր մեծ հօր տխուր պատմութիւնները: Իր պարագային, հայ ժողովուրդի անցեալին հետ կապուած գիտակցութիւնը վերափոխուած է ու դարձած աննկուն կամք՝ պայքարելու ազգային նպատակներ նուաճելու համար»:
Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սեդա Սիմոնեան, խօսք առնելով՝ բարձր գնահատեց Թեքեանի աւելի քան կէս դարեայ գրական բեղուն ուղին, որուն առջեւ կարելի էր միայն գլուխ խոնարհել: Ան յայտարարեց այն բերկրալի լուրը՝ ըստ որուն Արամ Ա. վեհափառի տնօրինութեամբ, գրագիտուհին արժանացած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանին, համապատասխան կոնդակը յղելով Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին: Այս առթիւ, հանդիսութեան նախօրեակին, Մուղեղ սրբազանը առաջնորդարանի դահլիճին մէջ կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին հեղինակին յանձնած էր պատուոյ գիրն ու շքանշանը:
Իր խօսքի աւարտին, տիկին Սիմոնեան բեմ հրաւիրեց յոբելեարը, որ շատ հաղորդական ոճով արտայայտեց իր ներքին յուզումն ու երախտագիտութիւնը, ձեռնարկի բոլոր հովանաւորներուն եւ ներկաներուն, իր հին ու նոր ծանօթներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ մասնակցած էին յոբելենական հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ գործակցող միութիւններուն:
Ատենապետուհին նաեւ բեմ հրաւիրեց կազմակերպիչ յանձնախումբի միութեանց ներկայացուցիչները յուշամատեանի տուչութեան արարողութիւնը կատարելու համար:
Ձեռնարկին աւարտին, հեղինակը մակագրեց իր գիրքերը, որոնցմէ երկուքը գրեթէ սպառած էին, ինչպէս՝ «Աղօթք Ուռկաններուն Մէջ» կամ «Ճեղքուած Մանրանկար»ը, որ գլխաւորաբար գրուած էր Լիբանանի պատերազմին մասին:
Վեհանոյշ Թեքեան Մարտ ամսուն վերստին պիտի այցելէ Քալիֆորնիոյ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը, Հայմազգայինի «Աղբալեան» մասնաճիւղին հրաւէրով:
Հրաւէրը ուղղուած է բոլորին: