10 Նոյեմբերին, Աշտարակ համայնքի ղեկավար Թովմաս Շահվերտեան մասնակցեցաւ Աշտարակի մէջ «Գինիի Բակ»ի եւ «Աշտարակաց Մառան»ի բացման պաշտօնական արարողութիւններուն, կը տեղեկացնէ Աշտարակի համայնքապետարանը:
Ձեռնարկին ներկայ եղան Արագածոտնի մարզպետ Դաւիթ Գէորգեան եւ բազմաթիւ հիւրեր:
«Գինիի Բակ»ը զբօսաշրջութեան իւրայատուկ վայր է, ուր հիւրերը կարելիութիւն ունին համտեսելու գինի, տեսնելու գինիի ստեղծման ընթացքը եւ շփում ունենալու տեղւոյն բնակիչներուն հետ:
«Աշտարակաց մառան»ը հայկական բակ մըն է, ուր զբօսաշրջիկները կրնան համտեսել հայկական աւանդական ուտելիքներ եւ այցելել այնտեղ գտնուող հետաքրքրական իրերով լեցուն թանգարանը, որ կը գտնուի Աշտարակ քաղաքի Տէրեան 1ի վրայ: