«Երկիր Մեդիա»ի «Հարցումներ՝ Դաշնակցականներին» հաղորդումի հիւրը՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեան ըսաւ. «Սովորաբար չեմ զայրանար, բայց երբեմն աւելի զայրացկոտ բնոյթով հանդէս կու գամ, երբ կը դպնան ազգային արժէքներուն, Դաշնակցութեան դպչիլը նոյնպէս այդ շրջագիծին մէջ կը տեսնեմ»:
Ըստ Եղիազարեանի՝ շատերը ազգային արժէքներուն, որոնց շարքին՝ Դաշնակցութեան, կը դպնան գիտակցաբար, շատեր՝ չհասկնալով, լաւ տեղեկացուած չըլլալով:
Անդրադառնալով պարբերաբար շրջանառութեան մէջ դրուող այն կեղծ փաստաթուղթին, թէ իբրեւ թէ Դաշնակցութիւնը Առաջին Հանրապետութեան ընթացքին նամակ գրած է Էնվէր փաշային՝ պահանջելով զօրավար Անդրանիկի դէմ գործողութիւններու սկսիլ եւ զայն յանձնել Թուրքիոյ, Եղիազարեան յայտնած է, որ ասիկա շահարկումի ամենատարածուած նիւթերէն մէկն է եւ հակառակ անոր, որ պարբերաբար կ՛անդրադառնան այս նիւթին, կը հիմնաւորեն եւ կը հերքեն, սակայն, կան մարդիկ, որոնք տարբեր առիթներով դարձեալ շրջանառութեան մէջ կը դնեն այս կեղծ փաստաթուղթը:
«Կան մարդիկ, որոնք այդ նիւթին առաջին անգամ կը հանդիպին, նորէն կը բարձրացնեն զայն, եւ կայ նաեւ մարդոց տեսակ մը, որ բոլոր սուր պահերուն այս նիւթը անպայման կը դնեն շրջանառութեան մէջ: Այս հարցը սպառիչ պատասխան ստացած է ոչ միայն մեր կողմէ, այլ նաեւ Ազգային արխիւի տնօրէնին կողմէ, որ նման փաստաթուղթ գոյութիւն չէ ունեցած», յայտնեց Եղիազարեան:
Ան պատմեց այս կեղծ փաստաթուղթի ստեղծման մասին, զոր խորհրդային տարիներուն Ճոն Կիրակոսեանը տարածած էր:
«Գիտէք, խորհրդային տարիներուն, երբ այդ շրջանի նիւթերուն կ՛անդրադառնային, պարտադիր պէտք է այդ մէկը ընէին հակադաշնակցական երանգով, այլապէս չէին կրնար հրատարակել իրենց աշխատութիւնները: Կիրակոսեան խելացի անձնաւորութիւն էր եւ ան մասնագէտներու համար նամակ մը ձգած է նոյն գրութեամբ, որուն տակ նշուած են Առաջին Հանրապետութեան քանի մը ղեկավարներու անուններ: Օրինակ՝ Արամ Մանուկեանը գրուած է՝ Արամ փաշա, մինչդեռ պետական որեւէ փաստաթուղթի մէջ չէ գրուած Արամ փաշա», ընդգծեց Եղիազարեան, դարձեալ շեշտելով, որ նման փաստաթուղթ գոյութիւն չունի:
Ըստ Եաղիազարեանի՝ որոշ մարդիկ այդ կեղծ փաստաթուղթը կ՛օգտագործեն Դաշնակցութիւնը վարկաբեկելու նպատակով, նկատի առնելով այն փաստը, որ ժողովուրդին մեծ մասը մասնագէտ չէ, անտեղեակ է: «Ապատեղեկատուութիւնը շատ մը պարագաներու կաթիլ-կաթիլ կ՛ազդէ մարդոց վրայ», ըսաւ ան:
Ազգային ժողովը մերժեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի անվտանգութիւնը ապահովելուն ուղղուած օրէնքի նախագիծը, նոյն ատեն չընդունեց Մայր Աթոռի տարածքին մէջ չարտօնուած հաւաքներ կազմակերպելու մասին նախագիծը:
«Այս թեման կը մտահոգէ, որովհետեւ եկեղեցին ես չեմ նկատեր պարզապէս եկեղեցի: Անիկա ազգային արժէք է, անկախ այն բանէն, թէ անաստուած ես կամ ոչ, հաւատքի որ ուղղութեան կը պատկանիս», ըսաւ Արթուր Եղիազարեան:
Ան յայտնեց, որ ՀՅԴ խմբակցութիւնը ամբողջութեամբ կողմ քուէարկեց օրէնսդրական այդ նախագիծին:
«Եկեղեցին մեր պատմութեան եւ մեր էութեան մէկ մասն է: Մեր հանրութեան մեծ մասը հայ եկեղեցւոյ հետեւորդ է: Խօսքը կաթողիկոսի պաշտպանութեան չի վերաբերիր, այլ՝ եկեղեցւոյ հիմնարկին», ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամը:
Ըստ անոր՝ տարբեր անձերու կողմէ վերջերս միտումներ կան ազգային արժէքներու վրայ գրոհելու, որ վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ:
«Պէտք է նկատի ունենալ, որ մենք ժամանակաւոր զինադադարի մէջ գտնուող երկիր ենք: Երբ մենք փողոց կ՛ելլենք, պէտք չէ մոռնանք, որ ամէն վայրկեան կրնայ իրավիճակը փոխուիլ: Այս նկատի ունենալով, պէտք է մեր տեսակի, մեր արժէքային համակարգին տէրը դառնանք: Տա՛ Աստուած, որ խաղաղութիւն ըլլայ, դրացի երկիրները դառնան բարեկամ երկիրներ, շատ մը հարցերու այն ատեն կրնանք այլ ձեւով նայիլ: Բայց մենք մեր հայրենիքի մեծ մասը կորսնցուցած ենք: Այսօրուան Հայաստանը մեր հայրենիքի մէկ տասերորդն է եւ ազգային համակարգն է այն միջուկը, որ պէտք է պահէ զայն», ընդգծեց Արթուր Եղիազարեան՝ շեշտելով, որ ազգային համակարգը ոչ մէկ ձեւով պէտք է խոցելի ըլլայ: