ՄԻՆՍԿ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի եւ Պելոռուսի նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Երկուշաբթի, 19 Նոյեմբերին, Մինսկի մէջ բանակցութիւններ պիտի վարեն: Անոնք մանրամասնօրէն պիտի քննարկեն երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարային ուղղութիւնները եւ կարծիքներ պիտի փոխանակեն միջազգային հարցերու շուրջ:
Երկու նախագահները յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնեն առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ համատեղ ծրագիրներու իրականացման վրայ: