Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի պահպանումը ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջնորդական առաքելութեան արդիւնաւէտութեան եւ հարցի լուծման համար, էական կէտերու կարգին, փոխզիջման յառաջմղման կարեւորագոյն պայման է:
«Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով ԵԱՀԿի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցչութեան «Թուիթըր»ի էջը, կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է ԵԱՀԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին յարաբերական կայունութիւնը կը պահպանուի, զինադադարի խախտումներու թիւն ալ կը նուազի: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ յաւելեալ միջոցներով ամրապնդելու լարուածութեան նուազեցման դրական միտումը», գրած է ան: Ըստ Լուքաշեւիչի՝ զինադադարի պահպանումը ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն աշխատանքներու արդիւնաւորման եւ հարցի լուծման համար կարեւորագոյն պայմանն է: