Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի ստորագրած հրամանագիրով Լիբանանի մօտ նախկին դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան կը նշանակուի Լեհաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան:
«Հիմք ընդունելով վարչապետին առաջարկը եւ համաձայն Սահմանադրութեան 132րդ յօդուածի առաջին մասի 2րդ կէտին, Սամուէլ Մկրտչեանը կը նշանակուի Լեհաստանի Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Վարշաւա)», կը նշուի Հայաստանի նախագահին հրամանագիրին մէջ: