«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Մէկ ամիսէն աւելի քիչ ժամանակ կայ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն: Արդէն դաշինքները կազմուած են, ընտրական ցանկերը պատրաստուած կամ պատրաստութեան վերջին հանգրուանին հասած են: Հայաստանի քաղաքական իրականութեան մէջ պատմութիւն ունեցող քանի մը կուսակցութիւններ, որոնց շարքին «Ժառանգութիւն»ը եւ Հայ Ազգային կոնգրեսը որոշած են չմասնակցիլ այս ընտրութիւններուն, իսկ միւս կողմէ, նոր հիմնադրուած քանի մը կուսակցութիւններ, որոնցմէ է «Սասնայ Ծռեր»ը, որոշած են մասնակցիլ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցը որոշած է հաւատարիմ մնալ իր աւանդութեան եւ մինակ երթալ ընտրութիւններուն եւ այս օրերուն մաս առ մաս կը հրապարակուին կուսակցութեան ցանկը կազմողներուն անունները, որոնց շարքին ցարդ մամուլի մէջ հրապարակուածներէն են՝ Արծուիկ Մինասեան, Ռուզան Առաքելեան, Գեղամ Մանուկեան, Արթուր Խաչատրեան, Արտաշէս Մխիթարեան, Իշխան Սաղաթէլեան եւ Արմենուհի Կիւրեղեան:
Հաւանաբար ճիշդ պիտի ըլլայ արձանագրել, որ այս ընտրութիւններուն պիտի մասնակցինք ազգովին, Հայաստանի քաղաքացիները իրենց քուէով, սփիւռքահայերը՝ հոգիով ու իրենց նախընտրած կուսակցութիւններուն հանդէպ արտայայտուած բարոյական զօրակցութեամբ:
Մենք ալ, իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի խօսափող, մեր բարոյական անվերապահ աջակցութեամբ՝ նեցուկ պիտի կանգնինք կուսակցութեան ընտրական ցանկին:
Ուրեմն, հակառակ թաւշեայ յեղափոխութեան եւ անոր առաջնորդին հանդէպ մեր գնահատումներուն, մենք պիտի առաջնորդուինք ընտրապայքարի տրամաբանութեամբ, ինչպէս ըրինք Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու պարագային, ու տեղ պիտի տանք սուր քննարկումներու, ընտրապայքարի նախօրէին ու անոր ընթացքին մրցակից թեկնածուներու՝ արտայայտած մեր տեսանկիւնէն սխալ ու անընդունելի յայտարարութեանց քննադատութեանց:
Իսկ կթան կով Սփիւռքը դեռ մինչեւ ե՞րբ պիտի զրկուի Հայաստանի ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունքէն:
Այս անգամին ընտրապայքարը շատ տարբեր ձեւով պիտի ըլլայ. իրականը եւ շինծուն իրարու շատ խառնուած են. անցեալ քուէարկութիւններուն հետ նմանութիւն ունեցող բաներ ալ կան որուն մասին մէկը չիխօսիր, ամէն մարդ օրէնքի մասին ճառեր կը խօսի եւ անուններ մէջտեղ կը նետէ, ցանկերու մասին սակարկութիւն կընէ: Եթէ առաջ կաշառքով կըլլար ընտրութիւնը եւ իրական ժողովուրդին ուզածէ չէր ցըցնէր, հիմա նորէն ժողովուրդին պատկերը պիտի չըլլայ: Իշխանութեան հասած «յեղափոխականները» արդէն իրենց ճիշդ եւ սխալ քարոզածներով մեծամասնութիւն պիտի ըլլան, իշխանութիւնը ընտրութեան ճամբով իրենց ձեռքը պիտի առնեն ամուր ձեւով, ընդդիմադիր պիտի ըլլան նոր կազմուած կուսակցութիւններ կամ երեկ Փաշինեանին հետ նոյն ճակատին մէջ եղողները, ուրիշ խօսքով, ընդդիմադիրներուն մեծ մասը շինծու ընդդիմադիր պիտի ըլլայ, իրական ընդդիմադիրները խօսք չպիտի ունենան: Ասի նորութիւն չէ աշխարհի մէջ, միակուսակցական երկիրներուն մէջը աս խաղը շատ խաղցուած է: Ասանկ ժողովրդավարութիւն ինչքա՞ն կրնայ տեւել: Որ ընդդիմադիրները պիտի բանան մարդոց աչքերը եւ ըսեն, որ երկիրին լաւը ուզողները հակայեղափոխական չեն:
100% համաձայն: