«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Իտէալական պիտի ըլլար, եթէ Սփիւռքի մէջ գործող իւրաքանչիւր միութիւն, կազմակերպութիւն, հաստատութիւն, իր տրամադրութեան տակ ունենար իր անդամներուն մասին առնուազն մասնագիտութեանց վերաբերեալ տեղեկութիւններու շտեմարան:
Երեւակայեցէք, ուրեմն, ինչ վիճակ կը տիրէ Սփիւռքի մէջ, ինչ տուեալներ կան այստեղ կամ այնտեղ ամբարուած Սփիւռքի հսկայական կարողականութեան վերաբերեալ: Թէ Սփիւռքի մէջ իսկապէս ահաւոր ներուժ կայ՝ անվիճելի փաստ է: Նոյնիսկ մասնագիտական եւ ֆինանսկան կարողութիւններով օժտուած հայորդիներու մասին այն պատահական տեղեկութիւնները, որոնց հասու կ՛ըլլանք մամուլով կամ հասարակական ցանցերով, կը թելադրեն տակաւին թաքուն մնացած բիւրաւոր ուրիշներու գոյութիւնը:
Անհատ անձեր, հասարակական գործիչներ, մտահոգ ազգայիններ տարբեր ժամանակներու անդրադարձած են այս հարցին, նոյնիսկ նախաձեռնած են որոշ աշխատանքներու՝ նախ տեղեկութիւնները հաւաքելու անհրաժեշտութիւնը հանրութեան ուշադրութեան յանձնելով, ապա նոյնիսկ որոշ նախաքայլեր առնելով այդ ուղղութեամբ:
Մեր համոզումով, այս անհատական նախաձեռնութիւնները անհրաժեշտ բայց բաւարար չեն հիմնական լուծում բերելու համար: Նախ անոնց շարունակականութիւնը յուսալի չէ, նաեւ ընդգրկումը չի կրնար բաւարար տարողունակութիւնը ունենալ եւ, վերջապէս, չի կրնար նպատակասլաց օգտագործման երաշխիք ունենալ:
Ամէնէն առաջ, եկէք համաձայնինք, որ պէտք է ըլլայ կեդրոն մը, ուր պէտք է հաւաքուին բոլոր տեղական, մասնակի շտեմարանները: Եկէք համաձայնինք, նաեւ, որ այդ կեդրոնը պէտք է ըլլայ Հայաստանի մէջ, նախընտրաբար սփիւռքի նախարարութեան յարկին տակ: Պետական մակարդակի համակարգումը այս հաւաքման աշխատանքին, նոյնիսկ եթէ կրնայ այլ պետութեանց կողմէ կասկածով նայուիլ, մեր պետութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի եւ, ուրեմն, արժանի է մեր բոլորի համագործակցութեան:
Enabling to find right assistance old-new functional formations