ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան 2019ի պիւտճէի նախագիծը կրաւորական է. անիկա հիմնուած է այն չափանիշներուն վրայ, որոնք ստացուած են իբրեւ ժառանգութիւն: Այս մասին, Երեքշաբթի օր Ազգային ժողովին դիմաց իր ելոյթին մէջ նշեց վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:
«Ընթացիկ քաղաքական քննարկումներու որոշումներու ազդեցութիւնները այս փուլով նկատի առնուած չեն, սակայն այս չի նշանակեր, որ որեւէ պահու անոնք նկատի չեն առնուիր եւ ներառուիր: Բայց եւ այնպէս, ես կ՛ուզեմ ընդգծել, որ պիւտճէի մեր քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցած են շրջադարձային փոփոխութիւններ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ իրենց պիւտճէի քաղաքականութիւնը կարելի է համարել աշխատանքի խրախուսում:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ այս հարցը իրենց համար ունի խիստ կարեւոր նշանակութիւն, որովհետեւ գործունէութեան ընթացքին, իբրեւ հանրային փոփոխութիւններու կարեւոր պայման, կը համարեն անհատական ջանքը: Ըստ անոր՝ երկրին մէջ չեն կրնար տեղի ունենալ դրական փոփոխութիւններ, եթէ անոնց հիմքը անհատական ջանքը չէ:
Ան նշեց, որ երբ մինչ այժմ խօսուած է տնտեսական զարգացման, աճի մասին, նկատի առնուած է այն, թէ տեղէ մը որեւէ խորհրդաւոր մարդիկ կամ ընկերութիւն պիտի գայ զարգացնէ պետութիւնը, կառավարութիւնն ալ պիտի զբաղի այդ ընկերութիւններուն հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործով:
«Մենք, տնտեսական աճ ըսելով, նկատի ունինք համընդհանուր ջանքի մէկտեղումը: Մեզի համար կարեւոր է, որ տնտեսական կառուցուածքը փոխուի այնպէս, որ ատիկա ըլլայ ներառող: Այս կը նշանակէ, որ մեր քաղաքական հարցն է իւրաքանչիւր անհատի համար ստեղծել տնտեսական գործունէութեամբ զբաղելու իրական հնարաւորութիւն: Մենք այսօր կը գտնենք, որ քաղաքական մակարդակով այդ հարցը լուծած ենք, Հայաստանի մէջ այլեւս չկայ մենաշնորհ, տնտեսական գործունէութեան սահմանափակ, ներածման, արտածման արգելք: Ուրեմն, յառաջիկայ շրջանին կարեւոր հարց պիտի ըլլայ տնտեսական պայմաններու ապահովումը, որպէսզի տնտեսական գործունէութեան որեւէ ձեւ ըլլայ մատչելի բոլորի համար տէ իւրէ, եւ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով մարդիկ ընդգրկուին աշխատանքի մէջ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան: