Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 5էն 7 Նոյեմբերին, Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ համաշխարհային զբօսաշրջութեան հեղինակաւոր ցուցահանդէսը (Լանտըն Ուըրլտ Թրեվըլ Մարքեթ):
Ամէն տարի այս ձեռնարկին կը մասնակցին բազմաթիւ երկիրներ, զբօսաշրջութեան մարզի առաւել քան 50 հազար մասնագէտներ: Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնարկը կազմակերպեց հայաստանեան զբօսաշրջութեան գործակալութիւններու մասնակցութիւնը նշեալ ցուցահանդէսին: Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուեցաւ նաեւ Արցախը՝ ի դէմս Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնարկի եւ զբօսաշրջութեան գործակալութեան: Ձեռնարկի շրջագիծին մէջ հայկական տաղաւար այցելեցին բազմաթիւ հիւրեր, այլ երկիրներու զբօսաշրջութեան ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, հայ համայնքի անդամներ:
Արցախի ներկայացուցիչները իրենց մասնակցութիւնը աւարտեցին 6 Նոյեմբերին եւ վերադարձան հայրենիք: Հայաստանը ներկայացնող ընկերութիւնները շարունակեցին մասնակցիլ ցուցահանդէսին մինչեւ 7 Նոյեմբեր:
Արցախի մասնակցութեան երկու օրերուն ատրպէյճանական կողմը բողոք յղեց կազմակերպիչներուն՝ պահանջելով տաղաւարէն հեռացնել Արցախ անուանումը եւ նիւթերը: Սակայն հայկական կողմը ձեռնարկի կազմակերպիչներուն հետ տարած աշխատանքին շնորհիւ՝ ապահովեց Արցախ անունին գործածումը եւ տաղաւարին մէջ գտնուող բոլոր նիւթերու հասանելիութիւնը հիւրերուն:
Արցախեան կողմը կրցաւ յաջողութեամբ ներկայացնել երկրի զբօսաշրջութեան կարելիութիւնները, նաեւ՝ հաստատել գործնական կապեր: