ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Խոր Վիրապը յարմարագոյն տեղը չէ, որ մէկը զրուցէր «փափուկ» բառին մասին, երբ հողատարածքը շատ հեռու է նուրբ ըլլալէ եւ ունի լեռնոտ տեղագրութիւն, ժայռոտ բնականութիւն եւ քարքարոտ մակերես, առաւելաբար անտառազուրկ է, անջրդի, եւ ուր կան միայն գարշապար խոցող խճաքարեր ու երկնակամարի վրայ կանգնած արեւ մը, որ կարծես, թէ որոշած է չհեռանալ: (Այսօր աշակերտները հասկցան, թէ ինչո՛ւ մեր նախնիները օրուան յետմիջօրէին համապատասխանող 8րդ ժամը կոչած են «հրակաթն», իսկ 9րդը՝ «հուրթափեալն») յամենայն դէպս, վանական համալիրի կամարակապ մուտքի զովութենէն օգտուելով՝ կը յիշենք հայկական հնագոյն պատմութիւններէն մէկը՝ Սաթենիկ իշխանուհիի եւ Արտաշէս արքայի «փափուկ» աւանդազրոյցը:
– Արտաշէսը իր սրաթեւ ձիով անցաւ Կուր գետը ու իր ոսկեօղ պարանով որսաց Սաթենիկը: Մովսէս Խորենացին աւանդած է այս պատմութիւնը: Պատմահայրը կը շարունակէ. «…եւ շատ ցաւեցոյց զմէջքն փափուկ օրիորդին»: Ահա՛, աշակերտներ, հայոց լեզուին մէջ «փափուկ» բառի հնագոյն գործածութիւնը, ուր ածականս հրապուրիչ գեղեցկուհի մը նկարագրեց: Եւ, այդ օրիորդը հարս եկաւ ճիշդ այստեղ, բլրախումբի հիւսիսային ծայրը, ուր Արտաշէսի պալատն էր:
– Պարոն, հիմա ճիշդ ո՞ւր ենք:
– Արտաշէս թագաւորի շինած Արտաշատ մայրաքաղաքի աւերակներուն վրայ: Այժմ վայելեցէք հնութիւնները: Ժամ մը ետք կը շարունակենք…:
– Վէ՛մ, Տարօ՛ն, դուք Խոր Վիրապ պիտի չիջնէ՞ք:
– Պարոն, կ՛ուզենք բլրագագաթ ելլել ու տեսարանը դիտել:
Երբ անհիւրընկալ է բնաշխարհը, անշուշտ, թէ «փափուկ» բառի պատմութիւնը յայտնաբերելու համար պիտի դիմէինք հայկական քնարերգութեան: Սակայն, նախ բարձրանանք գագաթ, ուր կանգնեցուցած են հսկայական խաչ մը…:
– Համայնապատկերին մէջ փափկութիւն մը նկատեցի՞ք:
– Արարատի ուրուագիծը, պարոն, մանաւանդ երբ կիսով ծածկուած է ամպերու մէջ եւ ձիւնածածկ է:
– Տղա՛ք, գիրերու գիւտէն շատ առաջ մեր մայրենին ալ փափկացած էր: «Փափուկ» բառը եւ անոր շառաւիղները Գողթան երգիչներու լեզուին մէջ փափկահնչիւն արտայայտութիւններ դարձեր էին: Բառը նաեւ ճամբորդեց դէպի հիւսիս, մտաւ ուտիերէն, ապա հասաւ Վրաստան, ուր դարձաւ «փափուկի»: Հայոց գիրերու գիւտով մեր «փափուկ» բառերը յաւերժացան մագաղաթներու վրայ, որոնք կը փափկանային հաւկիթի ճերմկուցով եւ կաթով: Ոսկեդարու մատեաններուն մէջ տեղ գտան ընտիր բառեր, ինչպէս՝ փափկանալ, փափկական, փափկակեաց, փափկացուցանել… Յաջորդ դարերուն յայտնուեցան նորերը. փափկաբոյր, փափկագեղ, փափկադէմ, փափկամարմին, փափկաշնորհ, փափկախօս… Մետաքսն իսկ առաւել փափկացաւ ու դարձաւ «փափկամետաքս», որմով Ռուբէն Զարդարեան նկարագրեց դալար Մայիսը. «Մայիսի գեղեցկութիւնն իր հարսանեկան արդուզարդը կ՛ընէ… մէջքը կապելով փափկամետաքս կանաչ տերեւներէ գօտին»: Ունեցանք նաեւ փափկասէր տանտիկիններ, փափկաճաշակ ընթրիքներ, փափկափետուր բարձեր եւ փափկասիրտ քարեր:
– Քարե՞րն ալ փափկացան:
– Խստաշունչ այս երկրամասի զարմանալիօրէն փափկամիտ ժողովուրդին համար՝ այո: «Վէմ» ձայնասփիւռի աշխատակից եւ լրագրող Յասմիկ Բաբաջանեան օր մը պատմեր է. «Մայրս ասում էր. «Իմ շիրմաքարը տեղական, մեր Սիւնիքի քարերից կը դնէք… Մեր քարերը փափկասիրտ են, բարի»: Բառս ունեցաւ նաեւ իր փաղաքշական ձեւերը. փափլիկ, փամփլիկ, փափկիկ:
Վարդանանց պատերազմի յաջորդող դժբախտ օրերուն, երբ Հայաստանը զրկուած էր իր ազնուագոյն այրերէն, ո՞վ կը կարծէք, թէ դիմացաւ աննկարագրելի զրկանքներու ու պահեց երկիրը: Ըստ Եղիշէ պատմիչի՝ «Փափկասուն տիկնայք Հայոց աշխարհի»:
– Պարոն, կը զգամ, թէ որքան փափկանկատ էր անոր գրիչը:
– Վէ՛մ, երբ կարծրացաւ աշխարհը, ի՞նչ ընէր հայ ժողովուրդը, եթէ ո՛չ իր միտքով փափկացնել շրջապատը ու փափկութիւնը գտնել աննիւթական բարձրութիւններու վրայ: Այդպէս ըրաւ մեր առաջին պատմագիրը, Ագաթանգեղոսը ու «փափկութեան» գաղափարը զուգեց «դրախտ»ին հետ. «Յետ այսորիկ առեալ Աստուծոյ յԱդին դրախտին փափկութեան դնէր զմարդն»: Հինգ հարիւր տարի ետք, նոյն միտքը կրկնեց Գրիգոր Նարեկացին: Իր տաղերուն մէջ սուրբը յիշեց «դրախտի փափկութիւն» արտայայտութիւնը: Հայկական ցրտաշունչ լեռնաշխարհէն հեռու, փափկակլիմայ Կիլիկիոյ մէջ ապրած Ներսէս Շնորհալին իսկ շշնջեր է նոյն միտքը. «փափկութիւն լուսոյ դրախտին»:
– Տխուր է, թէ կեանքի փափկութիւնը հեռացեր է ամպեր եւ աւելի վեր:
– Այդպէս չմնաց… Դարեր անցան, «փափուկ» ածականը վերադարձաւ երկիր ու վերսկսաւ ապրիլ հողեղէններուս հետ: Լաւագոյն օրինակները դարձուածքներն են… Մենք ապահով եւ բարեկեցիկ տեղերը կոչեցինք «փափուկ անկիւն», զիջողամիտ մարդիկը՝ «փափուկ երես», հանգիստ եկամուտ բերող գործերը՝ «փափուկ պաշտօն», կրային աւազէ զերծ ջուրերը՝ «փափուկ ջուր», բարձր աշխատավարձը՝ «փափուկ ռոճիկ»…: Տղա՛ք, եթէ մէկը «փափուկ բարձ դրած է ձեր գլխուն վրայ», մի՛ վստահիք անոր խօսքերուն, քանզի այդ դարձուածքը կը նշանակէ՝ «սուտ խոստումներով կամ սխալ տեղեկութիւններով մէկուն հանգստացնել կամ յուսադրել»:
Հայու մտապատկերին մէջ «փափուկ» կը դառնայ նաեւ քայլուածքը, բնաւորութիւնը, խիղճը, տեսարանը, հովը, հարցը, հացը եւ հայեացքը… Տիրան Չրաքեան օր մը հիացումով դիտեց «գետեզրի փափկատերեւ ուռիներ», Միսաք Մեծարենց «փափուկ արծաթի շաւիղ» մը լսեց, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան փափաքեցաւ, որ «փափկաթեւ մանկիկ զեփիւռ» մը պարէր հեզիկ շունչով: Այս ածականով նաեւ Դանիէլ Վարուժան նկարագրեց իր առաջնեկը՝ փոքրիկն Վերոնիքը. «Վարուժնա՛կդ իմ, իմ փափկասո՛ւն Դիցուհիս»: Զապէլ Եսայեանի փետրագրիչին կը պատկանին «փափուկ բուրում», «լուսանցիկ փափկութիւն», «փափուկ դիւրաբեկութիւն» եւ «նրբին փափկութիւն» հազուագիւտ արտայայտութիւնները: Իսկ Զահրատը Մարմարա ծովուն ափին նստած՝ փափկօրէն հեգնեց երբեմնի այն ինքնահաւան գեղեցկուհիին, որ քսան տարի առաջ «անմատոյց» եղեր էր պատանի բանաստեղծին համար. «Տիկին Բրածոյ -Բարեւ ձեզ -Ձեր փափկասուն գեղեցկութիւնն ինչպէ՞ս է»:
Միւս աշակերտներն ալ սկսած են բլուրը բարձրանալու: Ուզեր են մայրամուտը դիտել: Խումբ-խումբ կը նստին շիկացած փափուկ քարերու վրայ: Ծովակն ու Փաթիլը այդ խորհրդաւոր պահը որոշեր են փակաչք դիտել: Տերեւն ու կաթիլը անդադար կը լուսանկարեն մեծ լերան ետեւը անհետացող արեգակը: Իսկ Նարեկը իր կիթառով կը սկսի նուագելու այս օրերուն սորված երգ մը- անոր կ՛ընկերակցի փափկաձայն Բարինը.
«Ձիւնը փափուկ-փափուկ է քայլերի համար,
Ձիւնը տաքուկ-տաքուկ է սրտերի համար,
Դու նման ես ձեան ճերմակ փաթիլներին,
Ձիւնը փափուկ-փափուկ է քայլերի համար»: