ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբերին ընդունեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) կեդրոնական վարչութեան անդամները՝ ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք կապերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող քաղաքական փոփոխութիւններուն վերաբերող հարցեր:
ՍԴՀԿի կենտրոնական վարչութեան ատենապետը ողջունեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները եւ ընդգծեց, որ ՍԴՀԿը անվերապահօրէն կ՛աջակցի Նիկոլ Փաշինեանին:
Հայաստանի ամբողջ տարածքին՝ կամ՝ ԱԺի մէջ քանի՞ անդամ ունի ՍԴՀԿն: