ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մտադրէ չառաջադրուիլ «ռէյթինկային» ընտրակագրով:
«Ռեյտինգային ընտրակարգով չեմ առաջադրուելու: Երբ զգամ, որ իմ ժողովրդին պէտք չեմ քաղաքականութեան մէջ, ես չեմ լինի: Մենք դեռ քննարկում ենք դաշինքով կամ առանց դաշինքի մասնակցելու հարցը: Մենք ձայնի համար չենք պայքարելու, ներկայացնելու ենք մեր ծրագիրը, ասելու ենք, որ մեր թիմով այսքանը կարող ենք անել, որքան կը վստահեն, այնքան էլ կ՛անենք», ըսաւ Ծառուկեան:
Ան հերքեց շրջանառուող այն լուրերը՝ ըստ որոնց Նաիրա Զոհրաբեան պիտի չընգրկուի «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախընտրական ցանկին վրայ:
«Ո՞վ է ասել, թէ Նաիրա Զոհրաբեանը չի լինելու, նա լինելու է մեր ցուցակում՝ իր տեղում: Զոհրաբեանը պատրաստ է ցանկացած տեղ, որտեղ կուսակցութեանը պէտք լինի, կատարել իր ծառայութիւնը», նշեց Ծառուկեան:
Ան վերահաստատեց, որ Նիկոլ Փաշինեանի կողքին պիտի ըլլայ եւ պիտի աջակցի անոր: Նոյն ժամանակ ան նկատել տուաւ, որ պաշտօն ապահովելու համար ոչ մէկ քայլի պիտի դիմէ, այլ միայն՝ ժողովուրդին վիճակը բարելաւելու:
Ժողովուրդին անունով խօսողներուն թիւը Հայաստանի բնակչութեան թիւէն անցաւ…