ԵՐԵՒԱՆ.- «Ցեղակրօն» կուսակցութեան ղեկավար Շանթ Յարութիւնեան 6 Նոյեմբերին ազատ արձակուեցաւ «Վարդաշէն» քրէակատարողական հիմնարկէն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Սիվիլնեթ»ը:
6 Նոյեմբերէն սկսեալ ուժի մէջ մտաւ համաներման մասին օրէնքը, որ կը տարածուի անազատութեան մէջ գտնուող շուրջ 700 անձերու վրայ:
Ան 6 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր 2013ին, Մաշտոցի պողոտային վրայ ոստիկաններու հետ բախումներու պատճառով: Զայն 2014ին ազատազրկման դատապարտեց քաղաքական գործեր քննող դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեան: Յարութիւնեան հրաժարած էր պայմանական վաղաժամկէտ ազատ արձակուելէն: Ան կը պնդէր, թէ քաղաքական բանտարկեալ է ու պէտք է արդարացուի:
Նշենք, որ 6 Նոյեմբեր 2018ին ուժի մէջ մտած «Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրման 2800ամեակի եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100ամեակին կապակցութեամբ քրէական գործերով համաներում յայտարարելու մասին», Հայաստանի օրէնքով 6 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8ի դրութեամբ՝ ազատ արձակուեցան 294 դատապարտեալներ: