ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնին հիմնադրութեան յիսնամեակին նուիրուած խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 16-17ին, համալսարանին «Ռոյս» շէնքին մէջ (թիւ 314 սրահ)։
Խորհրդաժողովին պիտի ներկայացուին Արեւելեան Եւրոպայի մէջ հայկական արուեստներու եւ մշակոյթին նուիրուած ուսումնասիրութիւններ։
Խորհրդաժողովը պիտի սկսի Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16ին, առաւօտեան ժամը 10ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ երեկոյեան ժամը 6։15։
Խորհրդաժողովին առաջին օրուան նիստերէն անմիջապէս ետք, երեկոյեան ժամը 6։30ին, համալսարանին «Փաուըլ» գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հրայր Բազէ Խաչէրեանի լուսանկարներու ցուցադրութիւնը։
Շաբաթ, Նոյեմբեր 17ին խորհրդաժողովը պիտի շարունակուի առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 5։50։
Նոյեմբեր 17ի երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, «Փաուըլ» գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արեւելեան Եւրոպայի եւ տեղւոյն հայկական համայնքներու երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը, համադրութեամբ Արէնի Աղպապեանի։
Նաեւ, Նոյեմբեր 18ին, կ.ե. ժամը 3ին, խորհրդաժողովին զուգահեռ կազմակերպուած է հայկական միջնադարեան արուեստներու նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ «Կեթի» թանգարանին մէջ։ Դասախօսն է Նիւ Եորք «Մեթ» թանգարանին մէջ Հայաստանի նուիրուած ցուցահանդէսը համադրած դոկտ. Հելէն Էվընզը։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել
nreast@humnet.ucla.edu հասցէին։