Շաբաթ, 3 Նոյեմբերին, Վիրահայոց թեմին նախաձեռնութեամբ՝ հաւատացեալներու խումբ մը Կիրակոս քհնյ. Սիմոնեանի եւ սարկաւագներու առաջնորդութեամբ քայլերթ կատարեց դէպի Թիֆլիսի քանդուած Սուրբ Նշան (Սուրբ Նիկողայոս) եկեղեցի, որ հիմնադրուած է 1624ին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Վիրահայոց թեմը։
Փակ եկեղեցւոյ դիմաց ներկաներուն դիմեցին հոգեւոր հայրը եւ թեմի մամլոյ խօսնակը: Վերջիններս ներկայացուցին մշակութային յուշարձանի կարգավիճակ ունեցող եկեղեցւոյ ներկայ իրավիճակը եւ քանդուած եկեղեցւոյ մօտ ու յարակից տարածքին մէջ տարբեր աշխատանքներու իրականացման անթոյլատրելիութեան մասին տուեալները:
Մոմեր վառելէ, աղօթելէ եւ շարականներ երգելէ ետք, խաղաղ երթին մասնակցողները աւարտեցին խաղաղ գործողութիւնը, ափսոսանք յայտնելով հայոց պատմական եկեղեցւոյ ներկայ անմխիթար վիճակին համար:
17րդ դարուն կառուցուած Թիֆլիսի Ս. Նշան (Ս. Նիկողայոս) եկեղեցին ունեցած է ամբողջական ճարտարապետական տեսք: Եկեղեցւոյ կից արդէն 19րդ դարու առաջին կիսուն բացուած են արական եւ իգական, ինչպէս նաեւ տիրացուական դպրոցներ:
Խորհրդային շրջանին, Թիֆլիսի շարք մը եկեղեցիներու հետ փակուած է նաեւ Ս. Նշան եկեղեցին: 1930ին եկեղեցին դարձեալ վերադարձուած է համայնքին, սակայն 3 Մայիս 1931ին կրկին փակուած: Եկեղեցւոյ շէնքը յարմարեցուած ու ծառայած է տարբեր նպատակներու:
Ս. Նշան եկեղեցին մեծ վնաս կրած է նաեւ քանի մը անգամ տեղի ունեցած հրդեհներու պատճառով:
Նշենք, որ Ս. Նշան եկեղեցին ունեցած է նաեւ գերեզմաննոց: 1970ականներուն հիւսիսային կողմը գտնուող տապառնաքարերուն մեծ մասը ասֆալտապատուած է: Տեսանելի մնացած են միայն սակաւաթիւ այն տապանաքարերը, որոնց կարելի չէ եղած ասֆալտապատել բաւական բարձր ըլլալուն պատճառով:
Վրաց Ուղղափառ եկեղեցին միշտ հաւակնութիւն ունենալով եկեղեցւոյ նկատմամբ՝ անիկա առ այժմ չի վերադարձուիր վիրահայ համայնքին: Եկեղեցին այսօր կանգուն է, սակայն՝ քանդուած եւ անմխիթար վիճակի մէջ է: