ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի «Յ. Պարոնեան» թատրոնին մէջ, 1 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ բացումը Շէյքսփիրեան 13րդ միջազգային թատերական փառատօնին, որ տեւեց մինչեւ 5 Նոյեմբեր:
Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան համաձայն՝ այս տարի փառատօնը հիւրընկալեց 5 երկիրներէ ժամանած առաւել քան 90 մասնակիցներ եւ հիւրեր, որոնց կարգին՝ հեղինակաւոր արուեստագէտներ եւ արուեստի ղեկավարներ:
Երեւանեան 5 բեմահարթակներու վրայ ցուցադրուեցան 10 ներկայացումներ, եւ մէկ ներկայացում՝ Գիւմրիի «Վ. Աճեմեան» պետական թատրոնին մէջ:
Թատերասէրները կարելիութիւնը ունեցան ներկայ գտնուելու թատերական, երաժշտական եւ բազմամետիա ներկայացումներու: Անոնցմէ կարեւորագոյններէն էին՝ Պիթոլայի (Մակեդոնիա) ազգային ակադեմիոյ թատրոնի՝ «Անթոնիօ եւ Քլէոպաթրա»ն, «Օթելլօ»ն, Ամերիկայի «Լիթ Մուն» թատերական ընկերութեան «Յուլիոս Կեսար»ը, «Ռիչըրտ 3րդ»ը, Ս. Փեթերսպուրկի «Սուպպոթա» թատրոնի «Բազում Աղմուկ Վասն Ոչինիչի»ը: Փառատօնի ծրագիրին մէջ, երեւանեան թատրոններէն հանդէս կու գան «Յ. Պարոնեան» կատակերգութեան պետական թատրոնը, Երեւանի Պետական սենեկային թատրոնը եւ Ուսանողական թատրոնը:
Փառատօնի շրջանակին մէջ տեղի ունեցան նաեւ վարպետութեան դասեր՝ նուիրուած արդի թատրոնի զարգացման նոր ուղղութիւններուն: