ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Սէուտցի այլախոհ լրագրող Ճեմալ Խաշոկճիի սպանութիւնը կը շարունակէ լարուած պահել Ռիատի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները, հակառակ Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին։
Թրքական կողմին հրատարակած հաղորդագրութենէն յայտնի կը դառնայ, թէ ցարդ ճշդուած չէ, թէ ո՛ւր է Խաշոկճիի դիակը։
Անգարա կը շեշտէ, որ ոճիրը Թուրքիոյ մէջ գործուած է, ուստի պատասխանատուներուն մասին բոլոր քննութիւնները պէտք է կատարուին Թուրքիոյ դատարաններուն կողմէ եւ պէտք է Թուրքիա վերադարձուին այն պաշտօնատարները, որոնք Սէուտական Արաբիոյ մէջ ձերբակալուած են։