ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան, Կիրակի, 21 Հոկտեմբերին, Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը՝ իբրեւ եկեղեցւոյ նորընտիր հովիւ:
Յանուն Արեւմտեան Հայոց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան ներկայ եղաւ արարողութեան եւ փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները: