ՐԱՖՖԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Տեղ մը իմաստուն մարդէ մը լսած եմ պատմութիւն մը, որ երբեք կարեւոր չէ ճշմարիտ է թէ երեւակայական: Հին գիւղաքաղաք մը տանող ճանապարհին ճիշդ մէջտեղը, ժայռի կտոր մը ծանր-ծանր նստած է: Գիւղաքաղաք ժամանող ձիաւորները քաղաք մտնելու համար ճամբուն այս կամ այն եզերքը կ՛ուղղեն իրենց ձիերը որպէսզի շրջանցեն ժայռը եւ անցնին: Ջորեպաններ կամ կառապաններ նոյնպէս կը շրջանցեն ժայռի կտորը եւ կ՛անցնին:
Իշապան մը կը մօտենայ, որ քաղաք մտնէ: Կը պատրաստուի իր էշը ժայռին կողքէն առաջնորդելու, բայց կը վրդովի քարի կտորին գոյութենէն: Էշը ճամբուն եզերքը կապելով, կը մօտենայ ժայռին, դժուարութեամբ կը գլորէ մէկ կողմ, նոյնիսկ ճամբեզրէն ալ հեռու եւ ճամբան կը բանայ: Բայց չհեռացած, թուղթի փոքրիկ ծրար մը, որ ժայռին տակն էր իր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ: Կ՛առնէ թուղթը, կը շօշափէ, փոշիները կը հեռացնէ եւ կը բանայ: Թուղթի ծրարին մէջ թաքնուած թղթադրամ կար, այն ալ՝ բաւական պատկառելի գումար մը: Թուղթին վրայ եղած գրութիւնը կարդալով՝ կ՛իմանայ, որ գիւղաքաղաքին թագաւորը դիտումնաւոր կերպով ժայռը այնտեղ տեղադրել տուած է, որպէսզի զայն հեռացնողը իր բարի գործին համար գնահատուի: Իշապանը մեղմ ժպիտով գումարը գրպանը կը դնէ եւ կը շարունակէ իր ճամբան: Քանի մը ոտք հեռանալէ ետք, նորէն ետ կը նայի, եւ ժայռը ճամբայէն դուրս տեսնելով՝ անգամ մը եւս կը ժպտի թէ՛ իր բարի գործին եւ թէ իր վաստակած գումարին համար:
Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2018ի յետմիջօրէին, Համազգայինի Գրական միաւորի անդամներուս ջիղերը թունդ ելած՝ կը պատրաստուինք մեր վիճաբանական ասուլիսներու շարքի առաջին բանավէճի վերջին գործերը աւարտելու՝ սրահը պատրաստել, աթոռ-սեղաններու շարուածքը որոշել, հիւրասիրութեան սեղանը տեղադրել, ծախուելիք գիրքերուն տեղը ճղդել եւ լուսամփոփները ճիշդ ձեւով տեղադրել եւ այլն: Ամէն ինչ կրնանք ընել, բացի ձայնային գործիքներուն խնդիրները լուծելէ: Բոլորս ալ անտեղեակ ենք բարձրախօսներու լարերը կապելու հարցերէն: Բանավէճի վեց մասնակիցներ պիտի գան. անոնք համայնքի մտաւորականներէն են: Մեծ թիւով համալսարանականներ եւ ազգային վարժարաններու բարձրագոյն դասարանցիներ ներկայ պիտի ըլլան: Եթէ ձայնային գործիքներու տիրապետող օգնական մը չունենանք, որեւէ պահուն կրնանք անելի առջեւ գտնուիլ եւ խայտառակ ըլլալ: Ժամանակը կ՛անցնի եւ մեր մտահոգութիւնը կ՛աճի, ներքին լարուածութիւնը կը սաստկանայ: Բայց դեռ վերջին ընելիքները կը հասցնենք իրենց աւարտին:
Մեր անդամներէն մէկուն հեռաձայնին զանգը կը հնչէ: Զրոյց մը կ՛ընթանայ, ապա մեր ընկերուհին ինծի կը դիմէ.
– Վահիկն է հեռաձայնողը:
– Ո՞ր Վահիկը:
– Վարդապետեան Վահիկը: Համազգայինի Վահիկը: Կ՛ուզէ գիտնալ, թէ ո՛վ է այսօրուան բանավէճին պատասխանատուն եւ ինչի՞ պէտք ունինք: Առ խօսի՛ր հետը:
Ա՜յ քեզ բան: Կամաւոր օգնութիւն առաջարկելուն պատրաստակամութիւնը ապշեցուց զիս:
– Բարե՛ւ, ընկեր Վահիկ:
– Այս երեկոյ ազատ եմ. կրնամ գալ ձեզի օգնելու. ինչի՞ պէտք ունիք:
– Լոյսերուն լարերը կապելու վրայ կ՛աշխատինք հիմա…
Եւ առանց մանրամասնութիւնները մտիկ ընելու, կ՛ըսէ.
– Ճիշդը կ՛ուզեք ընկեր, ես լոյսերէն չեմ հասկնար: Եթէ ձայնային գործիքները գործածելու դժուարութիւն ունիք, ըսէ՛ք ինծի:
– Արդէն այդ է մեր մեծագոյն մտահոգութիւնը:
– Մեծ գործիքը կրնա՞ք աշխատցնել :
– Ո՛չ:
– Բաւարար միքրոֆոններ ունի՞ք:
– Ո՛չ:
– Քանի՞ հատի պէտք ունիք:
– Չորս:
– Լաւ: Ես սրահին պատասխանատու ընկերոջ հետ կը խօսիմ, կը նայիմ ի՞նչը կ՛աշխատի, ի՞նչը չ՛աշխատիր, կամ ի՛նչ կտորներ ունին-չունին. պակաս կտորները կ՛ամբողջացնեմ, հետս կը բերեմ: Ցտեսութիւն:
Զարմանքս չկրցայ զսպել այս կամաւոր համազգայնականի կամեցողութեան համար:
Մարդացած հրեշտակ է, թէ ի՛նչ:
Եւ ըսեմ, որ Վահիկը Գրական միաւորի անդամ չէ եւ պարտաւորութիւն մը չունի այսօր: Ինչպէ՞ս զգաց, որ գրական միաւորը կրնայ նեղ կացութեան մատնուիլ եւ իրեն նման մէկուն կարիքը ունենալ:
Վահիկը նոյնիսկ թագաւորի մը կողմէ ժայռի մը տակ թաքնուած նիւթական կամ բանաւոր գնահատանքի ակնկալութիւնը չունի: Իսկ մենք, Գրական միաւորի անդամներս, մեր ձեռնարկի աւարտին, պարզապէս երախտագիտութեան երկու խօսք պիտի ուղղենք իրեն. «Շնորհակալութիւն ընկեր Վահիկ. ձեռքերդ դալար մնան. միքրոֆոններդ գործ տեսան»: Այնքան բան:
Ան պիտի գնահատուի ուրիշին դժուարութիւնները հարթելու ընդամէնը քանի մը վայրկեան տեւող ներքին գոհունակութեամբ. ուրիշին ուրախութիւններուն համար քանի մը վայրկեան տեւող «Անանձնական» երջանկութիւն ապրելով:
Համազգայինի Գրական Միաւոր