«Հայերն Այսօր»ը կը տեղեկացնէ, թէ Ղազախստանի հայերու միութեան «Մասիս» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ՝ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ՝ նուիրուած Երեւանի 2800ամեակին: Անոնք մեկնարկեցին Հոկտեմբերի սկիզը, երբ Ալմաթիի «ԳուլՎար» համերգա-ժամանցային կեդրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, ապա ցուցադրուեցաւ համայնքային գործիչ եւ գործարար Էռնեստ Վարտերեսեանի ջանքերով նկարահանուած «Հռոմէն Հին Մայրաքաղաքը» վաւերագրական ֆիլմը, իսկ յոբելենական ձեռնարկները եզրափակեց «Տօնդ շնորհաւոր, հայո՛ց քաղաքամայր» տօնական համերգը, որ տեղի ունեցաւ 21 Հոկտեմբերին:
«ԳուլՎար» սրահը մարդաշատ էր: Եկած էին համայնքի անդամներ եւ հիւրեր:
Համերգի ծրագիրը բազմազան էր. անիկա կը ներառէր Երեւանին նուիրուած երգեր, բանաստեղծութիւններ եւ մրցումներ: Ձեռնարկի կազմակերպիչները մրցանակներ եւ յուշանուէրներ պատրաստած էին մասնակիցներուն եւ տօնական համերգի մասնակիցներուն համար: Մրցանակներու արժանացան Մարիետա Մելքումեան, Մերուժան Ալեքսանեան, Արամ Նաւասարդեան, որ ձեռնակին ամենաաշխոյժ նախաձեռնողը եւ կազմակերպիչն էր: Ներկաները բուռն ծափողջոյններով ընդունեցին Մարինէ Արութիւնովայի, Սերգէյ Բաբայեանի եւ Տիգրան Բաբայեանի՝ Հայաստանին նուիրուած բանաստեղծութիւնները: Յատուկ այս տօնին առթիւ գրուած իր բանաստեղութիւնները ներկայացուց նաեւ «Մասիս» հայկական մշակութային կեդրոնի փոխնախագահ Արամ Նաւասարդեան։
Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ «Երեւան-Էրեբունի» երգով, որ կատարուեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն եւ ձեռնրակին բոլոր մասնակիցներուն կողմէ: