Պեռն (Զուիցերիա) կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին՝ 26-28 Հոկտեմբերին, Արամ Ա. վեհափառը ունեցաւ հետեւեալ հանդիպումները.
1) Վեհափառը իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ այցելեց լիբանանեան դեսպանատուն, ուր պաշտօնպէս ընդունուեցաւ դեսպանուհի Ռոլա Նուրըտտինի կողմէ: Ապա, ի պատիւ հայրապետին պաշտօնական ընթրիք տեղի ունեցաւ:
2) Պեռնի եպիսկոպոսարանին մէջ կաթողիկոսը հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքի հոգեւորականներուն, համալսարանի փրոֆեսէօրներուն եւ դոկտորայի աստիճանի ուսնողներուն հետ եւ երկխօսութիւն մը ունեցաւ աստուածաբանական հարցերու շուրջ:
3) Ան առիթը ունեցաւ կարճ հանդիպում մը ունենալու Հայաստանի դեսպանի պաշտօնակատար Անահիտ Յարութիւնեանի հետ, որ յատկապէս Պեռն եկած էր ներկայ գտնուելու վեհափառին դասախօսութեանց:
4) Հայրապետը պատուիրակութեան անդամներուն հետ ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ իրեն տրուած Հին կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքի մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ կրօնական ու քաղաքական դէմքեր:
5) Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ քաղաքական ու տնտեսական հարցերուն վերաբերող Զուիցերիոյ պետութեան ներկայացուցիչ Ուլֆկանկ Ամատէոս Պրուէլհարթի հետ: Նոյն անձին հետ վեհափառը հանդիպած էր շուրջ տարի մը առաջ, ընդգծելով Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը:
6) Պեռն իր կեցութեան օրերուն, կաթողիկոսը նաեւ յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ կրօնական, քաղաքական ու միջեկեղեցական պատասխանատուներու հետ:
Յայտնենք նաեւ, որ վեհափառին եւ իր այցելութեան մասին լայնօրէն անդրադարձած էր Զուիցերիոյ գլխաւոր օրաթերթը: