Շուէտ կ՛առաջարկէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մատակարարել SAAB ընկերութեան արտադրած JAS-39 Gripen կործանիչներէն:
Այս մասին կը հաղորդէ «Առաւօտ»ը՝ վկայակոչելով REGNUM-ը: Սոյն յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդական Ճան Պոլթընի Հայաստան կատարած այցելութենէն գրեթէ անմիջապէս ետք: Ըստ տեղեկութեան աղբիւրին՝ Հայաստանին առաջարկ եղած է գնել 8 կործանիչէ բաղկացած խմբաքանակ մը: Մէկ կործանիչի ենթադրեալ արժէքը շուրջ 55-60 միլիոն եուրօ է. նշենք, թէ օդանաւերը կարելի է ձեռք բերել վարձակալութեան ձեւով:
JAS-39 Gripen-ը չորրորդ սերունդի թեթեւ միաշարժիչ կործանիչ է: Անիկա ունի 800 քմ. մարտական շառաւիղ եւ կրնայ կրել բարձր ճշգրտութեամբ «օդ-մակերեւոյթ» տեսակի զէնք, նաեւ «օդ-օդ» հրթիռներ՝ հակառակորդի կործանիչներուն դէմ մարտի համար:
Յայտնենք, որ նշեալ կործանիչներուն գինը նոյն մակարդակի արեւմտեան արտադրութեանց հետ համեմատած՝ առաւել աժան է: