ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի «Արփա» հիմնարկին (AFFMA) նախաձեռնած այս տարուան «Արփա» շարժապատկերի միջազգային 21րդ փառատօնը դարձեալ առիթ պիտի ըլլայ մեծարելու շարժապատկերի աշխարհէն շարք մը դէմքեր:
Նաեւ, Հոլիվուտի պատմական «Իճիփշըն» թատերասրահին մէջ Նոյեմբեր 2-4ի շաբաթավերջին կայանալիք եռօրեայ փառատօնին ներկայացած հարիւրաւոր ֆիլմերէն ընտրուած են 17 երկիրներէ 46 ֆիլմեր։
Այս տարուած մեծարեալներն են՝ դերասան եւ արտադրիչ Էտուըրտ Ճէյմզ Օլմոս («Կեանքի Իրագործումներ» մրցանակ), դերասան Էտ Այզնըր («Համբաւ» մրցանակ), արտադրող Նեթըլի Գասապեան («Բարձրացող Աստղ» մրցանակ) եւ դերասան Սվեւա Ալվիթի («Ասպարզի Իրագործումներ» մրցանակ)։
Ուրբաթ օր, փառատօնը սկիզբ պիտի առնէ հիւրասիրութեամբ մը եւ «Մանտէյ Նայց Էթ Սեւըն» ֆիլմին ցուցադրութեամբ, որուն դերասաններէն են՝ Էտուըրտ Ճէյմզ Օլմոս եւ անցեալին սոյն փառատօնի մրցանակակիր՝ Մերի Ափիկ։ Ցուցադրութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ Էտուըրտ Ճէյմզ Օլմոսի մեծարումը։
Շաբաթ օրուան գլխաւոր իրադարձութիւնները պիտի ըլլան երկու հոյակապ ֆիլմերու ցուցադրութիւնը։ Առաջինը՝ «Եւա»ն, Հայաստանի կողմէ անցեալ տարի «Օսքար»ի ներկայացուցած պաշտօնական ֆիլմն էր՝ բեմադրութեամբ Անահիտ Ապատի, իսկ երկրորդը՝ «Տայվըրթըտ Իտըն» («Շեղած Եդեմ»), գրուած եւ բեմադրուած է Փրինս Պաղտասարեանի կողմէ եւ շահած է այս տարուան «Սետոնա» շարժապատկերի փառատօնի «Հանդիսատեսներու» մրցանակը։
Մրցանակներու բաշխումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի օր, երբ պիտի մեծարուին նաեւ Էտ Այզնըրը, Նեթըլի Գասապեանն ու Սվեւա Ալվիթին։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.arpafilmfestival.com./Arpa IFF 2018 կայքէջը: