ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ, Հոկտեմբեր 15ին թեմի հոգեւորականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ՝ «Քահանայութիւնը եւ եկեղեցականի ծառայական վկայութիւնը» միօրեայ խորհրդաժողովը, որ սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ եւ որուն յաջորդեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի խօսքը:
Օրակարգի նիւթերուն առաջինն էր՝ «Եկեղեցականի կոչումը եւ անոր ծառայական կեանքին վկայութիւնը», որուն մասին ելոյթ ունեցաւ Վազգէն քհնյ. Պոյաճեան (Սիյէթըլէն): Նիւթին ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ քննարկում՝ յատկապէս նկատի առնելով հոգեւորականներուն հովուական, գրասենեկային եւ ընկերային ծառայութեան դժուարութիւնները:
Քննարկելու համար հոգեւորականի ծառայութեան դաշտին մէջ յայտնուած հոգեմտային հիւանդներու պարագաները, ժողովին հրաւիրուած էր Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի փորձառու հոգեբուժ տոքթ. Լուքըս Ալեքսանեան: Ան նշեց, որ հոգեւորականներուն եւ հոգեբուժներուն առաքելութեանց ծիրին մէջ կ՛իյնան մարդոց հոգին եւ միտքը բուժելու պարտականութիւնը եւ արտայայտուեցաւ հոգեբանական անհանգստութիւններու, հոգեմտային հանգոյցներու, վտանգաւոր հոգեվիճակներու եւ հոգեբուժային օգնութիւններու մասին: Ներկաները հիւրին հարցուցին բազմաթիւ հարցումներ, որոնց տրուեցան բաւարարող բացատրութիւններ եւ լուծումներու առաջնորդող միջոցներ:
Ապա հոգեւոր խորհրդածութիւններ ներկայացուցին Եսայի քհնյ. Պետրոսեան (Ֆրեզնոյէն) եւ Գրիգոր քհնյ. Զաքարեան (Ռենչօ Միրաժէն), կեդրոնանալով յատկապէս քահանայական կեանքի ծառայութեան կապուած զոհողութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ստացուած ներքին գոհունակութիւններուն եւ վարձատրութեանց մասին:
Այնուհետեւ, հոգեւորականներէն շատեր ներկայացուցին քահանայական կեանքի իրենց վկայութիւնները:
Միօրեայ այս հաւաքին եզրափակիչ խորհրդածութիւնները կատարեց առաջնորդ սրբազանը, շեշտելով, որ քահանայութիւնը ժամանակի մէջ կ՛աճի, կը զարգանայ եւ ամէն հոգեւորական պարտաւորութիւն ունի միշտ ինքզինք գօտեպնդելու Աստուծոյ ներկայութեամբ, խօսքով, լոյսով եւ օրհնութեամբ: