ՖՐԵԶՆՕ.- 2018-2019 կրթական տարեշրջանի աշնանային կիսամեակին համար Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի «Հենրի Ք. Գազանճեան Գազան» այցելու դասախօս դոկտ. Ումիթ Քիւրթ, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 6ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, հանրային իր երրորդ դասախօսութիւնը պիտի տայ, այս անգամ Հայոց Ցեղասպանութեան սեմին Այնթապի ընկերաքաղաքական վիճակին մասին:
Բանախօսը պիտի կեդրոնանայ յատկապէս Ահմետ Նեճմըտտին պէյի պատմութեան վրայ։ Ան Օսմանեան կայսրութեան 1908ի սահմանադրական բարեփոխութեանց ընդդիմանալու համար հեռացուած էր Այնթապի նահանգապետի պաշտօնէն եւ թուրքերու ու հայերու ֆիզիքական յարձակումին ենթարկուած էր, սակայն աւելի ուշ դարձած էր Այնթապի հայութեան ջարդերու կազմակերպիչներէն մէկը։
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191):
Դոկտ. Ումիթ Քիւրթ ուսումնասիրած է յատկապէս Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին հայերէն կալուածներու բռնագրաւման ծալքերը եւ մասնագիտացած է Հայոց Ցեղասպանութեան, զանգուածային բռնարարքներու, հարստութեանց փոխանցումներու, տեղական վերնախաւերու, թուրք ազգայնականութեան եւ Այնթապի հայութեան պատմութեան մարզերուն մէջ: Ան 2016ին դոկտորի կոչում ստացած է «Քլարք» համալսարանէն եւ հեղինակն ու համահեղինակն է շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներու եւ հատորներու, ինչպէս նաեւ խմբագրած է մասնագիտական թերթեր:
Դասախօսական ձեռնարկին մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժները կարելի է շարել P6 կամ P5 կանգառներուն մէջ, յատուկ գաղտնաթիւ մը ստանալով Հայագիտական ծրագիրէն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/artshum/armenianstudies կայքէջը: