ԱՆԳԱՐԱ, «Պի.Պի.Սի.».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հոկտեմբեր 26ին յայտարարեց, թէ Ռիատ պէտք է վերջ տայ սէուտցի այլախոհ լրագրող Ճամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով «մանկական» բացատրութիւններուն եւ բացայայտէ անոր դիակը եւ սպանութեան գլխաւոր պատասխանատուները։
Յիշեցնենք, որ Ռիատ նախ յայտարարած էր, թէ Հոկտեմբեր 2ին հիւպատոսարան այցելած լրագրողը անվնաս հեռացած էր, ապա ընդունած էր, որ ան հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցած ընդհարումի մը ընթացքին սպաննուած էր, իսկ Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազը Հինգշաբթի օր վերջապէս յայտարարած էր, որ Խաշոկճիի սպանութիւնը կանխամտածուած էր, «ըստ Թուրքիոյ իրաւապահ մարմիններու տրամադրութեան տակ գտնուող տեղեկութեանց»։
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Հոկտեմբեր 25ին յայտարարեց, որ Անգարա Խաշոկճիի հարցը միջազգային դատարան տանելու նպատակ չունի, սակայն հարկ եղած տեղեկութիւնները դատարանին պիտի տրամադրէ, եթէ վերջինս որոշէ այդ հարցին շուրջ հետաքննութիւն կատարել: Ան դարձեալ Ռիատի իշխանութիւններուն կոչ ըրաւ, որ անյապաղ բացայայտէ Խաշոկճիի սպանութեան հրաման տուած կողմը:
Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազ Սէուտ Մուաճիպ Կիրակի օր Թուրքիա պիտի այցելէ՝ սպանութեան հետաքննութեան շուրջ խորհրդակցելու համար տեղւոյն իրաւապահ մարմիններուն հետ, նոյն ժամանակ մօտէն ծանօթանալու համար անոնց տրամադրութեան տակ գտնուող տեղեկութիւններուն:
Նաեւ, «Մայատին»ը հաղորդեց, որ Պոլսոյ ընդհանուր դատախազութիւնը աւարտած է Պոլսոյ մէջ սէուտական հիւպատոսարանի 38 պաշտօնեաներու վկայութիւններուն ունկնդրութիւնը, իսկ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ը հաղորդեց, որ թրքական ոստիկանութիւնը հիւպատոսարանի հորէն նմուշներ վերցուցած է, քննութեանց համար: Նշենք, որ կասկածներ կան, որ Խաշոկճիի դիակը հոն նետուած է, կամ թաղուած է մօտակայ անտառի մը մէջ։
Վերջապէս, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորը պէտք է օգնէ Խաշոկճիի սպանութեան մանրամասնութիւններու բացայայտման: Սէուտցի թագաւորին ու անոր վարչակազմին բարեկամական զգուշացում մը կ՛ուղղեմ՝ նկատի ունենալով իսլամական աշխարհին նկատմամբ անոնց ունեցած մեծ պատասխանատուութիւնը»: