ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հովանաւորութեամբ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 24 Հոկտեմբերին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ «Արամ Մանուկեան Նամականի» գիրքին շնորհահանդէսը: Այս առիթով ներկայացուեցաւ նաեւ Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրած «Արամ»ը հատորին նոր վերահրատարակութիւնը, խմբագրութեամբ՝ Կարօ Յովհաննէսեանի:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժագ Յակոբեան:
Ան ըսաւ, որ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գիր եւ գրականութիւն նորաստեղծ մասնաճիւղը իբրեւ առաջին ծրագիր յարմար նկատած է կազմակերպել պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած եւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին հրապարակած «Արամ Մանուկեան Նամականի» ստուարածաւալ հատորին շնորհահանդէսը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եռեակը, որ ներկայացուց երկու երաժշտական կտորներ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան ըսաւ, որ այս ձեռնարկը շատ կարեւոր է շարք մը առումներով՝ նախ անոր համար, որ կը շարունակենք Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի նշման տարուան մէջ այն միջոցառումները, որոնք մեզի կարելիութիւն կու տան արժեւորելու հայ ժողովուրդի պատմութեան շրջադարձային դէպքը։
Խօսք առաւ «Արամը» գիրքին վերահրատարակութեան խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեան, որ ըսաւ, թէ Արամ մանրամասն նկարագրած է իր ուղեւորութիւնը Կարսէն դէպի Վան: Խիտ տողերու մէջ ներկայացուցած է Վանի եւ գիւղերու գրեթէ բոլոր գործիչները, որոնց հետ գործ ունեցած է: Ան նշեց, որ այս նկարագրութեան շահաւէտութիւնը այն է, որ շատ հազուադէպօրէն կը հանդիպինք անոնց այլ հեղինակներու յուշագրութիւններուն մէջ: Ըստ անոր՝ Արամ իր յուշերուն մէջ ներկայացուցած է զէնքի փոխադրութիւնը դէպի Երկիր, նամակային յարաբերական դրութիւնը, քիւրտերու գործօնը եւ անոնց հետ մեր յարաբերութիւնը, Դաշնակցութեան Վանի գաղտնի կառոյցը եւ գործելակերպը թէ՛ քաղաքի եւ թէ գաւառներուն մէջ, կազմակերպական դժուարութիւնները, բնութեան դերակատարութիւնները, գործիչներու եւ ֆետայիներու առօրեայ կեանքը, արմենականներու գործունէութիւնը, հայ գիւղացիին ապրելակերպը եւ անոր պարտադրուած տուրքերը թէ՛ թուրքերուն եւ թէ քիւրտերուն կողմէ:
Ան ըսաւ, որ «Արամը» գիրքին մնացեալ բաժինները զանազան հեղինակներու կողմէ գրի առնուած յուշեր են, որոնց մէջ առիւծի բաժինը կը պատկանի Արշալոյս Աստուածատրեանին, որ անմիջական գործակիցը եղած է Արամ Մանուկեանին՝ 1917-1919 տարիներուն, եւ որ հետագային ընդարձակ յօդուածաշարք մը հրատարակել տուած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ: Կան նաեւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի, Վահան Փափազեան-Կոմսի, Հմայեակ Մանուկեանի, Օննիկ Մխիթարեանի, Վահան Նաւասարդեանի, Արշալոյս Շահխաթունիի, Սասունցի Մուշեղի, Մալխասի, Եփրեմ Սարգիսեանի, Սիմոն Վրացեանի եւ Կարօ Սասունիի յուշերը, որոնք կը ներկայացնեն Արամ Մանուկեանի նկարագիրը, ղեկավարի յատկանիշները, ապրելակերպը, բնաւորութեան գիծերը, մտածումները եւ իրագործումները:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի հնգեակը՝ երկու երաժշտական կտորներով:
Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան: Ան ըսաւ, որ կարիք չկայ խօսելու Արամ Մանուկեանի՝ հասարակական գործիչին մասին, այլ պէտք է խօսիլ հատորին եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի կատարած աշխատանքին մասին:
Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Երուանդ Փամպուքեանի կարեւոր ու արժէքաւոր աշխատանքը՝ այս հսկայ գործը իրականութիւն դարձնող:
Աւարտին խօսք առաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, Երաւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանին, զեկուցաբեր Մհեր Յովհաննիսեանին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աշխատակազմին եւ Թամար Սնապեան-Սուրճեանին:
Ան ըսաւ, որ հատորին չորրորդ շնորհահանդէսն է՝ Երեւանէն, Հալէպէն եւ Շուշիէն ետք: Ճիշդ է, որ բոլորը կը զուգադիպին Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին, բայց Արամ Մանուկեան մեծ տեղ գրաւած է մեր ժողովուրդի սիրտին ու հոգիին մէջ, շեշտեց ան:
Ե. Փամպուքեան նշեց, որ նամակներուն ճնշիչ մեծամասնութիւնը կը գտնուին Պոսթընի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական արխիւատան տարբեր թղթածրարներու մէջ, եւ ինք տարիներու ընթացքին փնտռելով զանոնք, մաղերով, յաջողած է ամբողջութիւնը Երեւան բերել: Անոնք կը վերաբերին 1904էն 1915 թուականներուն:
Պատմաբան Փամպուքեան խօսքի աւարտին ըսաւ, որ նամակներուն մէկ մասը ներքին եղած են, այսինքն՝ Վասպուրականի շրջանի գործիչ ընկերներուն, կոմիտէներուն ու ենթակոմիտէներուն ուղղուած: Անոնց մէջ կ՛երեւայ Արամ Մանուկեան մարդը, որ այնքան սրտանց ժողովուրդին նուիրուած է եւ մղած է գործիչները աշխատելու ժողովուրդի բարօրութեան ու ապահովութեան համար: Գործիչներուն կորով ներշնչած է: Արամ ամէն բան ըրած է ժողովուրդին սիրոյն: Գերադաս մարմինները Արամին մէջ կը տեսնէին իրենց գործը շարունակողը: Արամ 25 տարի հայոց ազատագրական դատին նուիրուած էր, հաստատեց գիրքին հեղինակը:
Ձեռնարկի աւարտին Երուանդ Փամպուքեան մակագրեց գիրքերը
ANOUNED ANTARAM MANOUKIAN ARAM.